ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Գ.- ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԸ ԵՒ ԱՐԱԲԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ (Նոր շրջան)
Նոր գաղութին մէջ հիմնական նպատակը մէկ կողմէ արաբախօս, թրքախօս, քրտախօս ու բարբառախօս զանգուածները հայախօսութեան վարժեցնելը, միւս կողմէ հայ դպրոցականը արաբերէնին եւ այլ լեզուի մը տիրապետելուն առաջնորդելն էր:
Օտար առաքելութիւնները կը շարունակեն վարել հայ կաթողիկէ-լատին միացեալ դպրոցներու ցանցը կամ ներկայութիւն մը ըլլալ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու պատկանող դպրոցներէն ներս: Այսպէս՝ Հալէպի մեծագոյն դպրոցը կը մնայ Հայ կաթողիկէ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանը (այժմ՝ Ամալ), որ նաեւ արաբախօս հայ կաթողիկէներու դպրոցն էր: 1928-ին դոկտ. Յակոբ Թօփճեան կը գրէ. «Հալէպի հայ կաթոլիկներուն կը պատկանի Հալէպի մեծ դպրոցը, որ թէեւ Հալէպի առաջնորդին հսկողութեան տակ կը գտնուի, սակայն ֆրանսացի ֆրէրներ զայն կը վարեն: Այստեղ կը յաճախեն 5-700 մանչեր ամեն ազգէ: Դպրոցական դասաւանդութեան լեզուն ֆրանսերէն է: Հայ աշակերտներուն կ’աւանդուին հայերէն եւ հայոց պատմութիւն: Այս դպրոցը հայացնելու համար մասնաւոր խնամք տանելու է» (Դոկտ. Յակոբ Թօփճեան, «Հայութիւնը Սիւրիոյ մէջ», Հայաստանի Կոչնակ, 14 Յուլիս 1928, թիւ 28, էջ 874բ) : Նոյն երեւոյթը կը կրկնուի Անարատ յղութեան հայ քերց հսկողութեան յանձնուած աղջկանց եւ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետական վարժարաններէն ներս: Կաթողիկէ վարժարանները ընդհանրապէս ունին բազմազգ աշակերտութիւն եւ ասիկա բնականաբար բացասաբար կ՛ազդէ հայ աշակերտութեան, մասնաւորաբար արաբախօս աշակերտութեան հայերէնի դասերուն վրայ:
Նոր գաղութին մէջ ձեւաւորուած են հայ կաթողիկէ համայնքի երկու շերտեր՝ արաբախօսներու եւ հայախօսներու: Տեղ-տեղ այս շերտերը նոյնիսկ յստակ բաժանումի կ՛երթան:
Կաթողիկէ վարժարանները սկիզբէն եւեթ եղան նախ եւ առաջ պետական կրթական ծրագիրներու հետամուտ հաստատութիւններ՝ իրագործելով նախ ֆրանսական եւ արաբական սերթիֆիքայի, պրովէի եւ պաքալորիայի ծրագիրները, բան մը որուն շատ ուշ հասան ազգային վարժարանները:
Արաբախօսներու նոր հոսքը եղաւ 1922-էն ետք, երբ Մերտին քաղաքի հայերը մտան Սուրիոյ Ճեզիրէի կողմերը: Մերտինցիները մեծ մասով կաթողիկէ արաբախօս հայեր էին: Այստեղ նախախնամական դեր կ՛ունենայ Կիւրեղ եպս Զօհրապեանը: 1938-ին Հասիչէի մէջ կը հիմնուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական փոխանորդութիւն՝ ընդգրկելով Հասիչէի եւ Տէր Զօրի նահանգները: Ս. Բախտիկեան Գամիշլիի կաթողիկէ դպրոցին ու թեմի առաջնորդին մասին 1947-ին կը գրէ. «Զօհրապեան Գերապայծառ պատկառելի անձնաւորութիւն մըն է եւ սերտ գործակից մը Խորէն Սրբազանին: Զոհրապեան հայ կաթողիկէ կղերին այն դասուն կը պատկանի, որ կու գայ գաւառէն, գիտէ Հայն ու Հայաստանը եւ ուրկէ նաեւ իր գործակցութեան օրինակելի ոգին Ազգային առաջնորդարանին հետ»: Գամիշլիի համայնքը ունի 130 ընտանիք. գրեթէ բոլորն ալ արաբախօս մերտինցիներ են, հայախօսներ ալ կան եւ քանի մը տուն քրտախօսներ: Աշակերտութիւն՝ 300 (Ս. Բախտիկեան, «Հայ դպրոցը Գամիշլիի մէջ», Արեւելք, 25 Մարտ 1947):
Գամիշլիի հայ կաթողիկէ դպրոցը բծախնդրօրէն աշխատած է հայախօսութեան համար: Այդ մասին տեսուչ վարդապետը կը գրէ. «Այս տարի վերջնականապէս յաջողեցանք մեր արաբախօս փոքրիկներուն լեզուն փոխել հայերէնի, շնորհիւ խիստ հսկողութեան եւ զբօսանքներու ընթացքին կիրարկուած նշանակին եւ անոր հետեւանք՝ բարի նիշի եւ գրապատիժի դրութեան» (Աւետիք, 1943, թիւ 5-8, էջ 47բ):
Հասիչէի հայ կաթողիկէ վարժարանին մասին 1943-ի վերաբերող թղթակցութիւն մը կը գրէ. «Կիրակի, Մայիս 16-ին, մեր եկեղեցւոյ մէջ մեր մանուկներուն Ս. Հաղորդութեան հանդէսը կատարեցինք: Տեսնելու բան էր ժողովուրդին բազմութիւնը: Շատեր առտուան ժամը 6-էն հոն եկած էին տեղ գրաւելու համար: Տղաքը պատրաստուած էին հայերէն լեզուաւ ընելու խոստովանանքի եւ Ս. Հաղորդութեան աղօթքները: 64 աշակերտներէն 62-ը հայերէն խոստովանեցան, միայն 2-ը արաբերէն» (Աւետիք, 1943, թիւ 5-6, էջ 47բ):
Տէր Զօրի հայ կաթողիկէ վարժարանը գործած է պարբերաբար: 1932-ին Մխիթարեան Ուխտէն հայր Արսէն Ադամեան ժողովրդապետը կը գրէ. «Երբ հոս հասայ, տեսայ որ ասորի կաթոլիկները մանչերու դպրոց ունէին, ուստի ես ալ աղջկանց վարժարան մը բացի: Սակայն ասկէ երկու տարի առաջ, երբ ֆրանսացի մայրապետները եկան, ստիպուեցայ իրենց յանձնել մեր վարժարանը եւ վարձու տալ դասարանները, քանի որ չէի կրնար ոչ հետերնին մրցիլ, ոչ ալ միջոց մը գտնել շարունակելու: Անարատ յղութեան մայրապետները անտարբեր մնացին կոչիս առջեւ եւ այսպէս հայ աղջիկները այսօր լեզունին մոռնալու վտանգի մէջ են: Ասոնց բնակարան եւ դպրոց պատրաստ են. մեծաւորներուն կ’իյնայ ըմբռնել տալ այդ մայրապետներուն որ մեծ քաղաքներու շլացումով խոհարհ Առաքելութիւններէ չխորշին» («Թեմերէ լուրեր – Տէր էլ Զօր», Աւետիք, Ա. տարի, 1932, թիւ 10, Դեկտեմբեր, էջ 70-71):
Պէտք է ըսել, որ օտար առաքելութիւններու կամ տեղական կաթոլիկներու հետ միացեալ վարժարաններ ունենալու փաստը բացասական ազդեցութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ վարժարաններու հայերէնի ուսուցման ու հայեցի դաստիարակութեան վրայ:
Հարցը աւելի բարդ է այն վայրերուն մէջ, ուր լատին համայնք ստեղծուած է: Հայ կաթողիկէ-լատին միացեալ դպրոցներու մէջ ազգայնական տրամադրութիւններ առաջ կը քաշեն հայոց պատմութեան դասի անհրաժեշտութիւնը եւ հայերէնի աւելի հիմնաւոր դասաւանդութիւնը: 1946-ին լատին համայնքը պապական հրովարտակով կը լուծարուի Քեսապի շրջանին մէջ: Քեսապի շրջանի բոլոր լատին-կաթողիկէ վարժարաններու գերատեսչութիւնը կ՛անցնի Քեսապի հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հովանաւորութեան:
Անլոյծ կը մնայ Գնիէ գիւղի լատինացած հայոց պարագան: Հայ կաթողիկէ կղերը հոս չի կրնար միջամտել:
Հայ աւետարանական համայնքը արաբախօսներու հետ կապուած մտահոգութիւններ ունեցած է գլխաւորաբար Լաթաքիոյ մէջ. գրուած է. «1924-ին մեծ յոյս կար, որ այս կարեւոր կեդրոնին մէջ շուտով աւետարանական եկեղեցի մը պիտի զարգանար: Բայց գլխաւորաբար արտաքին պատճառներ արգելք եղան…» (Վեր. Եղիա Քասունի, Լուսաշաւիղ պատմութեան հայ աւետարանական շարժման, Պէյրութ, 1947, էջ 517) : Համայնքը 1930-ին բաղկացած է 20-25 ընտանիքներէ: Վեր. Տիգրան Ճ. Խրլոբեան կ’անդրադառնայ ասոնց. «Լաթաքիոյ արաբախօս աւետ. եկեղեցիին կէսը արաբախօս հայ գիւղացիներէն կազմուած է» (Տիգրան Ճ. Խրլոբեան, Ոսկեմատեան…, Ա. հատոր. Էջ 375) , այսինքն ղնեմեցի եւ արամոցի հայերէ, որոնք արաբ երիցական եկեղեցիին արձանագրուած էին: Արաբ երիցական դպրոցին մէջ հայ աշակերտներուն հայերէնի եւ աշխարհագրութեան դասեր կը տրուին 1933-1935 տարեշրջաններուն: Կապերը կը խզուին:
Հոմսի մէջ հայ աւետարանական դպրոցը երբեմն գործած է անկախ, երբեմն Արաբ աւետարանական վարժարանին միացած ձեւով. այդ տարիներուն հովիւը կամ ուսուցչուհի մը հայ փոքրիկներուն տուած է հայերէնի եւ կրօնի դասերը. «Ունինք մեզի յատուկ առօրեայ դպրոց մը արաբ բողոքական վարժարանին մէջ» ( Եղիա Ս. Քասունի, Լուսաշաւիղ…, էջ 523-524) :
Գամիշլիի, Տրպեսիէի եւ Հասիչէի օտարախօս հայերու շրջանակներուն մէջ աւետարանական եկեղեցին մեծ յաջողութիւններ չէ ունեցած: 1934-ին փորձ կ՛ըլլայ Գամիշլիի 50 բողոքական ընտանիքներու միջոցով Ասորի աւետարանական եկեղեցւոյ հետ միացեալ եկեղեցի մը ստեղծել: Կարգ մը ընտանիքներ կը վերադառնան մայր եկեղեցւոյ գիրկը: Ասիկա ազգայնական շարժում մըն էր, որ երեւցաւ աւետարանական շրջանակներուն մէջ, իսկ «Հասաքէի մէջ հազիւ 6-7 աւետարանական ընտանիքներ կային, որոնք հայու եւ ասորիի խառնուրդ էին: Մինչեւ այսօր Հասաքէի աւետարանական խառնարանը տաս ընտանիքը չէ անցած եւ ասոնց մեծ մասը հայութենէ հեռացած արաբախօս հայեր են» կը գրէ համայնքի եկեղեցականներէն մէկը (Պատ. Պարգեւ Օրջանեան, «Գամիշլիի Հայ աւետ. համայնքը», Գեղարդ, Բ. գիրք, էջ էջ 373):
Արաբախօսութեան դէմ աւելի վճռակամ եւ հետեւողական պայքար մղեցին ազգային եւ միութենական վարժարանները: Ազգ. Հայկազեան վարժարաններու տնօրէն Նշան Սաաթճեան 24 թուահամար 9 Սեպտեմբեր 1920 թուակիր նամակով հոգաբարձութեան կը տեղեկագրէ, որ բնիկ արաբախօս աշակերտներու եւ աշակերտուհիներու համար կազմած է մասնաւոր դասարաններ՝ անոնց հայերէնին մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելու նպատակով: Կը գրէ. «Միակ դժուարութիւնն է հայերէն չհասկցող արաբախօսներու խնդիրն: Մասնաւոր ուսուցիչի մը յանձներ եմ, օրական դասէն զատ վեց անգամ ալ կրկին դաս» (Դիւան Բերիոյ թեմի ազգ. առաջնորդարանի, նամակ թիւ 52, 25 Սեպտ. 1920 թուակիր):
Սահակ Բ. կաթողիկոս կը հետապնդէ արաբախօս բոլոր շրջանակներու կարիքները: Լաթաքիոյ կաթողիկոսական փոխանորդ Եփրեմ վրդ. Տոհմունիի ջանքերով 1928-ին կը բացուին Արամո եւ Ղնեմիէէ գիւղերու վարժարանները: 1932-ի ամռան Աթոռակից Բաբգէն Ա. կաթողիկոս դէպի Աղեքսանդրէթ ճամբուն վրայ կ’այցելէ նաեւ Արամո եւ Ղնէմիէ գիւղերը ու հրճուանքով ականատես կ’ըլլայ, թէ ինչպէս մանուկները հայերէն սորվիլ սկսեր էին նորաբաց դպրոցներուն մէջ (Բիւզանդ Եղիայեան, Յուշամատեան Տ. Տ. Բաբգէն Ա. Կաթողիկոսի, 1968, էջ 125):
Եագուպիէ արաբախօս գիւղը լիովին լատինացումի կ՛երթար: Այստեղ Սահակ Բ. կաթողիկոսի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտ. արք. Սիւրմէեանի անկոտրում կամքով ու մանաւանդ Բաբգէն քհն. Աճէմեանի ջանքերով կը փրկուի համայնքը ու կը վերադառնայ Մայր եկեղեցւոյ գիրկը: Ազգային Վերածնունդ վարժարանը (1930) եւ գրեթէ ամէն տարի գործող ամառնային դպրոցը հայերէնը կ՛ապրեցնեն եագուպիէցի դպրոցականներու շրթներուն:
Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի հսկողութեամբ Ղնեմիէի, Արամոյի, Եագուպիէ եւ Տէր Զօրի մէջ գործած են նաեւ ամառնային դպրոցներ:
Ըստ Բարեգործականի քննիչ Միքայէլ Նաթանեանի՝ Սուրիոյ եւ առհասարակ արաբական երկիրներու մէջ ապրող հայը «Անխուսափելիօրէն ստիպուած է,- եւ պէտք է ալ է,- հետզհետէ սորվիլ եւ աղէկ սորվիլ, արաբերէն եւ նոյնիսկ անոր համընթաց ֆրանսերէնը եւ անգիլերէնը…: Լեզուական հարցն ալ, իր բոլոր կողմերով եւ երեւոյթներով, պէտք է մօտէն շահագրգռէ մեզ ազգովին՝ թէ՛ մէկ կողմէն մեր մայրենի լեզուն չկորսնցնելու, իւրացնելու եւ զարգացնելու զուտ հայեցի տեսակէտով, եւ թէ՛ միւս կողմէն, այս երկիրներու մէջ մեր արժանայարգ դիրքը, մէկէ աւելի պատճառներով, կարենալ բաւարարելու եւ պահելու համար» (Միքայէլ Նաթանեան, «Լեզուական հարցը Սուրիոյ մէջ եւ հայերէնի ապագան», Սիոն, 1942, թիւ 5-6, էջ 117):
————————————————————-
1960-ական թուականներէն ետք նոր իրադրութիւն մը կը յայտնուի սուրիահայ գաղութին մէջ.
– Պետական կրթական ծրագիրներու ամբողջական կիրարկութեան պայմաններուն մէջ կը վերանան հայերէնաւանդ դասանիւթերը, կը մնան հայերէնի շաբաթական 4 եւ կրօնագիտութեան 2 դասաժամերը:
– Հայ ընտանիքներ կը լքեն իրենց համախումբ ապրելու նախկին պայմանները ու կ՛անցնին խառն բնակչութեամբ արդիական թաղամասեր: Զուտ հայաբնակ թաղամասեր չեն մնար:
– Հայկական բոլոր դպրոցներուն մէջ կ՛աւելնայ ոչ-հայ աշակերտութեան թիւը: Սուրիոյ մէջ ամեն տեղ հայ վարժարանը առաւել հմայք մը ունի տեղացիներուն համար:
– Գլխաւորաբար խառն ամուսնութիւններու պատճառով կը ստեղծուի արաբախօսներու նոր խաւ մը:
1970-ական սկսեալ այս անպատեհութիւններուն դէմ սուրիահայ դպրոցը հայերէնի ուսուցման եւ հայերէնախօսութեան նոր մարտավարութիւն ստեղծելու հարկադրանքին տակ կը մտնէր: