Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Նոյեմբեր 9-էն ետք այլեւս ոչ մէկ հայ նոյնն է:
Բոլորիս հոգիներուն մէջ կայ ահաւոր փլուզում մը:
Որ յաջողեցաւ հասնիլ մինչեւ…լեզուին:
Այո, խորտակուած է հայերէնն ալ, եւ ասոր անդրադառնալու համար պէտք է կարդալ հայրենի մասնաւորաբար առցանց մամուլը կամ հետեւիլ լրատուական որեւէ միջոցի՝ տեսնելու համար չարիքի տարողութիւնը:
Որո՞ւ մտքէն կրնար անցնիլ, որ Արմէն Աշոտեանի մը՝ երբեմնի կրթական նախարար, կամ Արփի Յովհաննիսեանի մը՝ երբեմնի արդարութեան նախարարուհի, կամ Միքայէլ Մինասեանի մը՝ երբեմնի դեսպան (ի Սուրբ աթոռ), – ասոնք միայն նմուշներ են հարիւրներու մէջ,– լեզուին տակ այսքան աղբ, իսկ հոգիներուն մէջ այսքան ապականութիւն, բայց նաեւ… մաղձ, մոլուցք ու չարութիւն կրնար սեղմուիլ:
Ո՞վ, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի մաքրէ այս համատարած աղտեղութիւնը:
Այո՜, վիրաւոր է հայերէնը, մահացու վէրքով խոցուած է ան…
* * *
***Ան կը ներկայացնէ հայ մամուլը՝ յանձինս Յարութիւն քհն. Շմաւոնեանի:
—Շատ տարածուած սխաալ մըն է այս, որուն հեղիննակները չեն գիտակցիր, թէ կայ եզակի մը՝ յանձին, եւ յոգնակի մը՝ յանձինս:
Յարութիւն քահանան յոգնակի չէ, ուրեմն՝ «յանձին Յարութիւն քահանայի»:
—Բայց՝ «յանձինս Թորոս եւ Մարկոս քահանաներու»:
***Մէկ ամիսէ ի վեր պետութիւնը փակած է իր նիւթական պիւտճէն:
Պիւտճէն կամ ամավարկը, այն ալ՝ նիւթական, ինչպէ՞ս կը փակուի…ըմբռնելի չէ:
Սա այն «խօսք»-երէն , որոնք…ոչինչ կը նշանակեն:
Թերեւս ըսել կ’ուզուի՝
ա) Պետութիւնը կազմած է իր ամավարկը:
բ) Պետութիւնը դադրեցուցած է նիւթական յատկացումները:
***Անոնք մերժած էին քննարկման նիստին մասնակցելէ:
—Պարզ է՝ մերժել ներգործական է, ուրեմն՝ «մերժած էին մասնակցիլ»:
***Մենք քննարկած ենք շարք մը ընդհանուր հետաքրքրութիւն ունեցող հարցեր:
—Հարց մը չի կրնար հետաքրքրութիւն ունենալ, քանզի հետաքրքրութիւնը յատուկ է բանաւոր էակին, այսինքն՝ մարդուն: Հարցը մը կրնայ, սակայն, հետաքրքրութիւն ներկայացնել, յառաջացնել, արթնցնել, պատճառել, ստեղծել…:
***Նորակազմ կառավարութիւնը այսօր նախագահական պալատին մէջ պիտի ստանայ իր պաշտօնական լուսանկարը(Ազդակ):
—Այդ կառավարութեան ներկայացուցիչները պալատ կ’երթան նկա՞ր ստանալու, թէ՞ պարզապէս…նկարուելու: Կը կարծեմ, թէ վերջինն է:
Ուրեմն ըսենք՝ պալատ կ’երթան նկարուելու:
***Կ’ըսեն, թէ «կրկնութիւնը օգտակար է եւ կը սորվեցնէ»:
—Ասանկ բան ըսող չէ եղած. կիսկատար գիտելիքով զինուած արեւմտահայու յերիւրանքն է այս: Այլ ըսուած է՝ «կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է»:
Ըսողն ալ լատին բանաստեղծ Օվիտիոսն է:
*** Իրենց հարցումներուն պատասխան չեն տրուած…
—Տրուողը հարցումները չեն, այլ պատասխանը, որ եզակի է:
Ուրեմն՝ «պատասխան չէ տրուած:
***Ոստիկաններու թիւն ալ բաւական քիչ են:
—Թիւ բառը կարելի չէ բնորոշել քիչ կամ շատ ածականներով:
Թիւ մը կրնայ ըլլալ պզտիկ կամ մեծ:
Եւ ինչո՞ւ «են», այսինքն՝ յոգնակի: Ենթական՝ թիւը, եզակի է:
Ուրեմն՝ «Ոստիկաններու թիւն ալ բաւական պզտիկ է»:
***Եղանակային պայմանները կը վնասեն խճանկարը:
—Պէտք է ըլլայ ՝ կը վնասեն խճանկարին:
Այսինքն՝ վնաս կը հասցնեն անոր, կը խաթարեն զայն:
***Կառավարութիւնը պիտի վերացնէ նորանոր խնդիրներու փաղանգը:
—Բաւական երեւակայութիւն պէտք է ունենալ խնդիրները փաղանգի անուանելու համար: Մարդ Աստուծոյ, կարելի չէ՞ր ըսել՝ խնդիրներու կծիկը, խնդիրներու կնճիռը, խնդիրներու թնճուկը, խնդիրներու փաթեթը…
***Իր ամբողջ ժխտական հետեւանքներով….
—Այսինքն՝ Իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով…
***Այս բոլորը առանձին բարեբախտութիւն էին ցանկացած երաժիշտի համար:
—Իմաստ մը ունի՞ «առանձին բարեբախտութիւն» բառակապակցութիւնը, եթէ այո,– հապա ի՞նչ է ան: Պարզապէս…ոչինչ: Սա լեզու չէ, առաւել եւս հայերէն չէ:
Բարեբախտութիւնը կրնայ ըլլալ՝ եզակի, աննախընթաց, մեծ եւ այլն:
Առանձին ածականը կը վայելէ նախ եւ առաջ…անձի (առ-անձին), մարդ արարածի: Թէեւ կրնանք փորձուիլ առանձին կոչելու նաեւ շնչաւոր այլ էակներ եւս, օրինակ՝ «առանձին գառնուկ» մը,– ինչ որ շատ ալ խրախուսելի չէ: Յամենայն դէպս աղբիւրը ծանօթ է՝ արեւելահայերէնի կոյր կապկումն է ան,– իսկ ծագումը… ռուսերէն է:
—Աւելի աղաղակող ռուսաբանութիւն է ցանկացած-ը, որուն հայերէնն է՝ որեւէ:
Այս ընթացքով ռուսակապիկներ պիտի յառաջանան մեր մէջ:
***Սակայն այդ դիրքորոշումը հաւանութիւն ստացաւ ո՛չ Ազրպեյճանէն, ո՛չ համանախագահներէն:
Սխալ կառոյց մըն է այս, վասնզի կայ չհասկցուցած կանոն մը:
Գրողը տարուած է այն նախապաշարումով, թէ «ոչ…ոչ»-ին հետ կը կիրարկենք դրական բայ, ինչ որ կանոնին կէսն է. միւս կէսէն լուր չունի ան:
—Ոչ…ոչ կրկնադիր շաղկապին հետ բայը դրական կը դրուի, այո, եթէ ան կը յաջորդէ շաղկապին. այսպէս՝
– ո՛չ Ազրպեյճանէն հաւանութիւն ստացաւ, ո՛չ նախագահներէն:
—Իսկ երբ բայը շաղկապէն առաջ կը դրուի, ժխտական կը կիրարկուի ան. այսպէս՝
–Հաւանութիւն չստացաւ ո՛չ Ազրպեյճանէն, ո՛չ նախագահներէն: