ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ
Կ’ըսեն. – պատմութիւնը չի՛ կրկներ ինքզինք,
Ժամանակները կը փոխուին,
Աշխարհը կ’երթայ առաջ.
Գիտութեան յառաջընթացին հետ սակայն,
Միջնադարեան խո~ր խաւարի
Ու մահաքունի մէջ կը տնքայ մա՜րդը միշտ:
Քարոզչական մեքենաները կը բանին անդուլ,
Սուտի, կեղծիքի լուրերը կը դառնան հրատապ նիւթ,
Կը դարպասեն ամբոխները մշուշապատ,
Ճիշդն ու սխալը տարբերակել կը դարձնեն անհնար.
Կ’ուզեն սպաննել մանուկին երազները նորափթիթ
Ծերին վերջին յոյսը մարմռող,
Կ’ուզեն խեղդել խիղճ ու կամք՝
Դիմադրելո՜ւ, ապրելո՜ւ,
Խափանել արեւելքի շողերը տաք,
Խաւարի գերիներ պահել, որպէս զոհ ու նահատակ,
Արիւնարբու տեսարանները դարձնել
Առօրեայ ակնամարզանք.
Սա արդէն իրողութիւն է համատարած,
Գիտեն փոքրն ու մեծը, գիտեն շատ լաւ,
Գիտեն ահագնութիւնը ցաւին,
Կ’ապրին զայն ամէն րոպէ ու ժամ,
Իսկ անոնք՝ չեն ուզեր հաւատալ,
Որ այդ ցաւին, խաւարին ու լլկումին մէջ,
Կամքեր կը խառանուին, կիրքեր կը բորբոքին,
Արցունքներ կը քարանան
Ու մահը կը դառնայ ցանկալի բաղձանք,
Ըմբոստութեան վճիռն ալ՝ անխուսափելի ընտրանք …
Օ՜հ, անոնք կը մոռնան,
Կը մոռնան չարաչար,
Որ պատմութիւնը կը կրկնէ ինքզինք մի՛շտ,
Թէկուզ ժամանակները փոխուին,
Մարդը վերածեն ստրուկի թէ կարգապահ գերիի,
Պիտի ծառանայ բազուկը վրէժին,
Փշռէ կապանքները ստրկութեան,
Միջնադարու մահաքունէն պիտի ծնի
Նո՜ր օր, նո՛ր արշալոյս…
Սա արդէն ճշմարտութիւն է, արեւուն պէս պարզ:
2021