ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Ոտքերս կը մխրճեմ փափուկ եւ թաց աւազին մէջ, երբ յանկարծ հսկայ ալիք մը ուժգնօրէն կր հարուածէ զիս. պաղ ջուրը կը սարսռացնէ մարմինս:
Եկած ենք Ատլանտեան ովկիանոսի ափերուն վրայ հասակ առած ամառանոցներէն մէկը, Սան Պերնարտօ, մեր ամառնային արձակուրդի օրերը հոս անցընելու, փախչելով քաղաքին հեղձուցիչ եւ անշնչելի տաքէն եւ խոնաւութենէն:
Ծովը, ներողութիւն, ովկիանոսը իր անհուն տարածութիւնը փռած է արեւելքէն արեւմուտք, եւ ճերմակ աւազին եւ անպարագիծ երկնքին հետ կը կազմէ ներդաշնակ երրորդութիւն մը:
Մէկ ժամ յետոյ, արդէն մարդկային ովկիանոս մըն ալ կազմուած է աւազին վրայ. արեւէն պաշտպանող հովանոցներ, աթոռներ, սփռոցներ, շրջուն վաճառորդներ, եւ արեւու երկրպագուներ զիրար կը հրմշտկեն. կեանքն է որ կ’եռայ:
Մարդիկ անջատուած են իրենց առօրեայ մտահոգութիւններէն. առնուազն՝ կը փորձեն խզուիլ քաղաքին յատուկ տաղտուկներէն, տուրքերէն, գործի հետ առընչուած հարցերէն, ժխորէն եւ անհոգութեամբ անցընել այս մի քանի օրերը. «սթրես» կոչուած քաղաքացին մնացած է հոն:
Մտահոգութիւնները հոս իրենց տարողութիւնը եւ ծաւալը կը կորսնցնեն: Արեւը, ծովը, եւ աւազը կը հալեցնեն, կը փշրեն զանոնք: Հիւանդութիւններն անգամ՝որոշ ժամանակի մը համար ազատ կ’արձակեն իրենց դատապարտեալները:
Ծովափին վրայ լողազգեստները հաւասարութեան պիտակ մը կը փակցնեն մարդոց վրայ: Իրենց ընկերային կամ պաշտօնի յատուկ տարազներ չկան զանազանելու համար, բժիշկը փաստաբանէն, կամ ոստիկանէն, կամ պարզ գործաւորէ մը: Անշուշտ երիտասարդ, գեղեցիկ աղջիկները իրենց պիքինիով բոլորին ուշադրութիւնը իրենց վրայ կը հրաւիրեն:
Ոմանք մի քանի ամիս տեւող՝ չակերտաւոր բարեկամութիւն կը հաստատեն ծովափի կամ շէնքի դրացիներուն հետ, այն յոյսով, որ պիտի շարունակուի: Սակայն շատ կարճատեւ կ’ըլլայ այդ բարեկամութեան կեանքը: Քաղաք վերադառնալէն յետոյ խոտի նման կը խամրի այդ արագ աճած եւ անարմատ բարեկամութիւնը, որ չի տոկար քաղաքի արագ եւ բիրտ կշռոյթին:
Երեկոյեան՝ ամարանոցի հիւրերը իրենց լոգանքը առած, կ’ելլեն քաղաքին մէջ պտըտելու, գնումներ կ’ընեն, սրճարանները կը նստին, մանուկները խաղավայրերու մէջ խճողուած են: Օդին մէջ կը շնչես շամփուին, օծանելիքներուն եւ ծովուն միաձուլուած անոյշ եւ թեթեւ բոյրը: Բոլորին դէմքերուն վրայ կայ խաղաղութեան, ուրախութեան արտայայտութիւն մը եւ արեւէն փոխ առնուած պրոնզի գոյնը :
Հագուստները թեթեւ են. փողկապ, պաշտօնական հագուստներ չկան: Կիները մի քանի օրուան համար փրկուած են «ի՞նչ պիտի հագուիմ»ի գլխացաւէն: Օրուան մեծ մասը ոտքերը ազատագրուած զիրենք կաշկանդող կօշիկներէն, վերջապէս շունչ կ’առնեն:
Ամարանոցը գոյներու, ձայներու մէջ ողողուած է. կարծես տօնավաճառ է: Գլխաւոր պողոտան, որ գիշերը միայն անցորդներու տրամադրուած է եւ ինքնաշարժ չ’ացնիր լեցուած է«Ասատոյի» (խորոված) «Փիցցայի» «Փասթայի» ախորժաբեր հոտերով: Եւ ծովը ախորժակը կը սրէ:
Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթն է . ու՞ր երթալ ընթրելու, կամ, որ սինեման կամ թատրոնը :
Գիշերը, մենք ալ ընթրիքէն յետոյ կ’երթանք սպանացի գրող՝ Ֆէտէրիքօ Կարսիա Լորքայի ողբերգական թատերախաղը տեսնելու.«Լա Քասա տէ Պերնարտա Ալպա» (Պերնարտա Ալպայի տունը): Հինգ ամուրի քոյրեր,բոլորն ալ սեւեր հագած՝ որոնք անմեղ զոհերը կը հանդիսանան միահեծան մօր մը տիրապետութեան, որ ութը տարիէ ի վեր կը սգայ իր ամուսնին մահը եւ թոյլ չի տար, որ աղջիկները նոյնիսկ պատուհանէն դուրս նային, իրենց պատիւը անբիծ պահելու համար: Միայն ամենակրտսերը կ’ընդվզի մօրը ծայրայեղ պահպանողականութեան դէմ, սակայն չի յաջողիր եւ անձասպան կ’ըլլայ:
Տամուկ աչքերով դուրս կու գամ սրահէն:
Անշուշտ արձակուրդի այս երանելի վիճակը կը տեւէ մէկ, կամ երկու շաբաթ, առաւելագոյն մէկ ամիս: Ինծի կը յիշեցնէ դպրոցի զբօսանքները,երբ աշակերտները տասը – տասնըհինգ վայրկեան դադար կ’ունենան վազելու, խաղալու, ազատ զգալու եւ յետոյ կը վերադառնան դասարան:Եթէ այդ զբօսանքը երկարի, կը դադրի հաճելի ըլլալէ եւ կը վերածուի անիմաստ միօրինակութեան եւ ժամանակի վատնումի:
Լաւ որ այդպէս է: Արդէն ամարանոցն ալ քանի մը ամիս յետոյ, կը վերածուի փետրաթափ թռչունի մը. կը ստանայ անշուք վիճակ մը. չկան ո՛չ գոյներ, ո՛չ լոյսեր ո՛չ ալ մանուկներու զուարթ ճիչերն ու աղմուկը : Խանութներուն, ճաշարաններուն մեծ մասը փակ կը մնան: Փոքրաթիւ բնակչութեան պէտքերը հոգալու համար, միայն տասնեակ մը խանութներ կը շարունակեն գոյատեւել:
Մարդիկ այս մի քանի շաբաթներու ընթացքին, իրենց մարմնին եւ հոգիին համար բաւարար վառելանիւթով պարենաւորուած եւ զինուած՝ կը վերադառնան քաղաք, վերստին դիմագրաւելու կեանքի ամենօրեայ մտմտուքները: Իբրեւ յաւելեալ նուէր՝ քանի մը քիլօ իրենց կշիռքին վրայ բարձած:
Յանկարծ՝ ականջիս կը հասնի Ֆէյրուզին թաւշային ձայնը: Անակնկալի կու գամ. աս ուրկէ՞ ելաւ. կը մօտենամ անկիւնի վաճառատան, ուր արեւելեան խառանափնթոր ոճով ցուցափեղկին մէջ շարուած են արաբական երկիրներէն բերուած զարդեր, յուշանուէրներ, հագուստներ, համրիչ, նարկիլէ: Հաճոյքով եւ կարօտով կը կենամ դիտելու պահ մը:
Ո՞վ չի սիրեր Ֆէյրուզը. Բոլոր սերունդներու ամենաշատ սիրուած երգչուհին:
Կը նստիմ խանութին առջեւ դրուած նստարանին վրայ եւ մտովի կ’ընկերանամ Ֆէյրուզին, որ կ’երգէ Խալիլ Ճըպրանի մէկ բանաստեղծութիւնը. «Սրինգը».
Սրինգը ինծի տուր եւ դուն երգէ. երգն է գաղտնիքը յաւերժութեան.
Եւ սրինգը կը շարունակէ նուալ, երբ արդէն չքացած է ամէն բան:
Ակնթարթի մը մէջ կը վերադառանամ իմ սիրելի ծննդավայրս: Աչքիս առջեւ կը ներկայանայ մեր արաբերէնի գրականութեան խոժոռադէմ ուսուցիչը, որմէ կը սարսափէինք, բայց միաժամանակ անհամբեր կը սպասէինք իր դասերուն, որոնք այնքան հետաքրքրական էին, որ մեզ մագիսացած կը պահէին:
Ահա ճեմարանը, քաղաքին դարձդարձիկ փողոցները եւ …..յիշատակներու կծիկը կը քակուի: Մէկ-մէկ կը սկսին տողանցել անցեալի դէմքեր, դէպքեր, վայրեր եւ …..
….Յանկարծ՝ խոշորակազմ, գէր կին մը իր բոլոր ծանրութեամբ եւ պարարտ մարմնով կը փլի կողքիս, գրաւելով նստարանին կէսը: Յուշերուս թելը կը փրթի, եւ գեղեցիկ պատկերներս ցիրուցան կ’ըլլան:
Ի՜նչ արագ կը սլանայ այս միտքը դէպի վեր եւ ինչ արագ ալ դէպի անդունդ կը գլորի:
Ես ու՞ր հասած էի: