Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան յայտարարեց Արէն Տէյիրմէնճեանի նշանակումը որպէս Ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Հայաստանի մէջ Սեպտեմբեր 1, 2022-էն սկսեալ։
Արէն Տէյիրմէնճեան երեք տարիներ առաջ տեղափոխուեցաւ իր ծննդավայր Պէյրութէն Հայաստան՝ միանալու Աւետարանչականի Երեւանի Բաղրամեան Պողոտայի վրայ գտնուող Կեդրոնատեղիի կազմին՝ որպէս Ընկերակցութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչի տեղակալ։ Արէնի՝ հաւատքով անցած ճանապարհորդութիւնը, զինք տարաւ հոն՝ ինչ որ ան կ’անուանէ «արթնութեան գործընթաց», զոր մղեց զինք հասկնալ, թէ ան պէտք է ետին ձգեր իր տան հանգիստը եւ ուղղուէր դէպի անյայտը՝ իմաստ եւ նպատակ գտնելու համար։
Արէն՝ ընտանեկան արտադրական ընկերութեան մէկ աշխատակիցն էր 2013-ին, Ամերիկեան Համալսարանը աւարտելէ եւ Համալսարանը աւարտելէ եւ հողատարածքի զարգացման (landscape architect) վկայականը ստանալէ ետք։ Ան նաեւ խորապէս ներգրաւուած էր Պէյրութի ԷշրէՖիէ շրջանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին մէջ՝ որպէս երիտասարդական խումբի գլխաւոր առաջնորդ եւ Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեան անդամ։ 2016-ին ին Արէն, Մոնթրօ, Զուիզերիայէն MBA աստիճանը ստանալէ մէկ տարի անց, երբ Աւետարանչականի Հայաստանի Ներկայացուցիչի տեղակալի պաշտօնը իրեն առաջարկուեցաւ, ան մտածեց թէ յարմար ժամանակն էր իր ընտանիքի պատկանող արտադրական ընկերութենէն դուրս գալ եւ իր ղեկավարութեան փորձառութիւնը եւ հոգեւոր աճը ի գործ դնել բարեսիրական եւ քրիստոնէական ոլորտին մէջ։
Որպէս Հայաստանի Աւետարանչականի Ներկայացուցիչի Տեղակալ՝ Արէնի ամէնօրեայ պարտականութիւնները կը ներառէր շինարարարական նախագիծերու տնտեսումը, Ֆինանսական կազմի հետ կապը, պիւտճէի պատրաստութիւն եւ դրամաշնորհային առաջարկներու պատրատութիւն։ Ան նաեւ կ’այցելէր Ընկերակցութեան տարբեր կեդրոնները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ՝ մօտէն իմանալու եւ ծանօթանալու իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համայնքներու կարիքներուն ։ Ան սերտօրէն համագործակցած է Աւետարանչականի Հայաստանի Ներկայացուցիչ՝ Յարութ Ներսէսեանի հետ՝ ռազմավարութիւնները նախանշելու, ինչպէս նաեւ ներկայ եւ անցեալ ծրագիրները շահագրքիր կողմերու հետ գնահատելու համար։
Արէնը նաեւ երաժիշտ է։ Ստացած է դասական եւ Ճազ դաշնամուրի գիտական աստիճան եւ նուագած Նոր Երգ Հոգեւոր երգերու երաժշտական խումբին հետ։ Ան իր ազատ ժամանակները կ’օգտագործէ դաշնամուր նուագելով, վայելելով Հայաստանի հարուստ երաժշտական աշխարհը, ճամբորդելով, մարզանքով, կարդալով եւ փորձելով տարատեսակ խոհանոցներ:
Անոր ծառայութեան մղիչ ոյժն է մնալ հնազանդ ծառայ եւ փորձել իրականացնել այն, ինչ որ Տէրը դրած էր իր առջեւ։
Խանդավառ ենք Արէն Տէյիրմէնճեանի նշանակումով որպէս Ընկերակցութեան Հայաստանի Ներկայացուցիչ, քանի ան ցուցաբերած է նուիրուածութիւն եւ ջանասիրաբար ծառայած Աւետարանչականի առաքելութեան առաջխաղացման համար Հայաստանի մէջ», ըսաւ Ընկերակցուեան Գործադիր Տնօրէնը Զաւէն Խանճեան եւ շարունակեց «Տարակոյս չունինք, որ անոր կառավարման անցուցած փորձը պիտի օգնէ առաջ մղելու Աւետարանչականի աշխատանքը Հայաստանը մէջ»: