ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Դադիվանքի մէջ կատարուողը ի՞նչ է…Վանքէն բան մը՝ խաչքար մը, զանգը, մասունք մը փրկելու տեսարանները… Այնքա՜ն ծանօթ են մեր պատմութեան… Մեր փախուստի ճամբուն վրայ մարդիկ Մշոյ Առաքելոց վանքի դուռը շալակնին առած եկան, մամիկներ Մշոյ Ճառընտիրը գոգի մէջ դրած բերին… Մասունքներ… Բայց այդ սրբութիւնները ստեղծող կեդրոնները, պատմա-ճարտարապետակնան կոթողներ, անհետ քանդուեցան՝ Մշոյ Առաքելոցը, Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետը, թուրք բանակը ականահարեց Դեկորի վանքը, Մեր օրերուն, աշխարհի աչքին առջեւ թուրքերը փշրեցին Ջուղայի գերեզմանատան բոլոր խաչքարերը…
Մեզի համար մխիթարութիւն կը դառնայ այն, որ թշնամին տեղ-տեղ կը պահէ այդ կոթողները…Կարսի Առաքելոցը մզկիթի կը վերածէ, Աղթամարը՝ եկամուտի աղբիւր, Արցախ աշխարհի մեր ճարտարապետական կոթողները իրենց քրիստոնեայ նախահայրերու յիշատակները…
Անհաշուելի մեր կորուտներէն միայն քանի մը հատը..
Ու կը մտածեմ, որ ի՛նչ հրաշալիք ալ ըլլայ՝ թշնամիին համար քաղաքակրթական ո՛չ մէկ իրական արժէք կը ներկայաացնէ: Անոնց քանդումն ու իւրացումը իր ինքնահաստատումն է: Ատոնք արժէքի կը վերածուին ու արժէք կը դառնան միայն, երբ զանոնք ստեղծած ժողովուրդը կը մնայ իր հողին վրայ, կը պահէ, կը պահպանէ ո՛չ միայն իր սրբավայրերը, այլ ամէն ինչ որ իր հայրերը ստեղծած են քաղաքակրթական իրենց դարաւոր պատմութեան ընթացքին, տուներէն, աղբիւրներէն, կամուրջներէն, բերդերէն մինչեւ ձեռարուեստի ամէն նմուշ… Տէ՛, ելիր փաստէ, որ վիշապագորգը Արցախ աշխարհին է, թէ Այնթապի ասեղնագործութիւնը հայկական է…
Քաղաքակրթական մշակոյթի ամէն արժէք իր տեղը ունի այս հողին վրայ: Անհայրենիք նիւթական մշակոյթ չկայ:
Հետեւաբար՝ նիւթական մշակոյթի ամէն իր արժէք է, բայց հողը ինքնին աւելի մեծ արժէք է, իսկ այդ հողին վրայ ապրող, արարող ու ստեղծածը պահող-պահպանող Ազգը արժէքներէն մեծագոյնն է:
Ժողովուրդ, մի՛ լքէք հայրենիքը, վերադարձէ՛ք ձեր հողին: