Ֆրանսայի Կրենոպլ քաղաքի հայկական մշակոյթի տունը 2018 թուականի 26 մայիսին առաջին անգամ կազմակերպեց նախադէպը չունեցող «Արի պարի Քոչարի» համահայկական ֆլեշմոպը, որ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական համայնքներուն մէջ: Հաշուի առնելով Սփիւռքի բուռն արձագանքը` որոշուած է այս տարի նոյնպէս կազմակերպել համահայկական շարժումը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ նախաձեռնութեան հեղինակ Սիրանոյշ Խաչատրեան, 2019 թուականի ծրագիրը նուիրուած է հայ մշակոյթի երկու կարկառուն դէմքերու` Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն:
«Հաւատարիմ մնալով աշխարհասփիւռ հայերուն «Քոչարի»-ի շուրջ համախմբելու առաքելութիւնը` այս տարի ընտրած ենք «Կարնոյ քոչարին»` որպէս մասնակցութեան համար առաջնային պար: Քիչերը գիտեն, որ Կոմիտասը բացի երգերէն, գրի առած է նաեւ պարեր, որոնցմէ մէկն ալ Կոմիտասի «Շորոր»-ն է: Այսինքն, կ՛առաջարկենք «Կարնոյ քոչարի»-էն բացի, պարել նաեւ «Շորոր»-ը եւ աւանդական «Քոչարի»-ի այլ տարբերակներ` ըստ ցանկութեան»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Սիրանոյշ Խաչատրեան` ընդգծելով, որ կ՛ակնկալեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող հայերու աշխոյժ մասնակցութիւնը:
Աւելցնենք, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ցոյց տալ հայ ժողովուրդի համախմբուածութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել հայկական մշակոյթի պահպանման ու տարածման:
Համահայկական շարժման արդէն մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներու, Զուիցերիոյ Նոշատել քաղաքի, Թիֆլիսի, Հելսինքիի, Ամսթըրտամի, Հոնկ Քոնկի, Մոսկուայի, Ուրուկուէյի,Պրազիլի, Աթէնքի հայկական համայնքներու եւ Երեւանի, Գիւմրիի տարբեր պարախումբեր:
Պարերու մասին համառօտ տեղեկութիւնները եւ ուսուցողական հոլովակները կրնաք գտնել aripariqochari.com կայքին մէջ, շուտով նաեւ «Արի պարի Քոչարի» համահայկական շարժման ֆէյսպուքեան էջին վրայ:
Գրանցուելու համար անցնիլ հետեւեալ յղումով`
www.facebook.com/aripariqochari/
www.aripariqochari.com