ՕՐՈՒԱՆ ԼՐԱՀՈՍ՝ 8 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2020
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան կնքեց մամլոյ ասուլիս մը եւ ներկայացուց կիրակի, 8 նոյեմբերի դրութեամբ ռազմաճակատին իրավիճակը: Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ իրավիճակը կը մնայ լարուած:Անոր համաձայն՝ Մարտունիի ուղղութեամբ առաւօտեան որոշակի յաջողութիւններէն ետք, հայկական զօրքերը կրցած են կասեցնել թուրք-ազերիական յառաջընթացը, յետ շպրտել եւ ծանր կորուստներ պատճառել թշնամիին:
«Շուշիի մէջ, քաղաքի մէջ եւ շրջակայ յարակից տարածութիւններուն մէջ՝ պարիսպներուն տակ, ճանապարհներու վրայ, որոնք Շուշի կը տանին, սաստիկ մարտեր տեղի ունեցան օրուան ընթացքին: Այս պահուն որոշակի բախումներ տեղի կ’ունենան: Սաստիկ բախումներ այսօր տեղի ունեցան Բերձորի ուղղութեամբ: Թշնամիին ուժերը քանի մը անգամ փորձեցին ճեղքել եւ դուրս գալ դէպի Բերձոր՝ հաւանաբար փորձելով այդ ուղղութեամբ օգնութեան հասնիլ Շուշիի մէջ կռուող իրենց ստորաբաժիններուն, զգալի կորուստներ կրելով՝ յետ շպրտուեցան, աւելին՝ դիմեցին փախուստի:
Այս պահուն բախումները կը շարունակուին: Ընդհանուր առմամբ իրավիճակը կարելի է բաւական դրական գնահատել: Մեր զօրքերը կը յաջողին բոլոր ուղղութիւններով արգիլել թշնամիին յաջողութիւնները, բայց բախումները կը շարունակուին: Արդէն երրորդ- չորրորդ օրն է, ըստ էութեան, Շուշիի համար ճակատամարտը կը շարունակուի». տեղեկացուց Արծրուն Յովհաննիսեան:
Գալով Շուշին ազերիական վերահսկողուեան տակ անցնելու Պաքուի պաշտօնական յայտարարութեան, Յովհաննիսեան կրկնեց՝ բախումները կը շարունակուին:
«Բախումները կը շարունակուին Շուշիի ներսը եւ շրջակայքը: Մեր զօրքը յամառ եւ գրագէտ պայքար կը մղէ բոլոր զօրատեսակներով: Կարելի է ըսել, որ Շուշիի համար առանձին ճակատամարտը, որ կ’ընթանայ վերջին 3-4 օրերուն, վաղը, իմ կարծիքով, վերջնական պարզ կը դառնայ: Չեմ ուզեր վաղաժամ գնահատական տալ: Վաղը, իմ կարծիքով, կ’աւարտի Շուշիի համար ճակատամարտը». ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը: