Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ սահմանագիծին վրայ կը տիրէ համեմատական հանդարտութիւն:
« Հայ-ազերիական սահմանին յարաբերական հանգիստ է: Զինուած ուժերը կը հետեւին թշնամիի բոլոր գործողութիւններուն, բոլոր հետախուզական նկրտումներուն եւ լիովին կը տիրապետեն իրավիճակին». ըսաւ Յովհաննիսեան:
Ան դիտել տուաւ, որ թշնամին պատրուակներ կը փնտռէ, յօրինուածքներ կը տարածէ, որպէսզի ծառայեցնէ իր սանձարձակ գործողութիւններուն:
Յովհաննիսեան ընդգծեց, թէ հայկական ուժերու մարտական ոգին չափազանց բարձր է: