Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան կնքեց մամլոյ ասուլիս մը եւ ներկայացուց վերջին 24 ժամերու իրադարձութիւնները:
Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ անցնող 24 ժամերուն ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան ուժերը չէզոքացուցած են թշնամիի 130 զինուոր:
« Օրուան ընթացքին, ընդհանուր առմամբ շարունակուեցան յամառ բախումներ: Մեր զօրքերը հերոսաբար յետ մղեցին թշնամիի բաւական փոփոխուած մարտավարութեամբ գործողութիւնները, տարբեր շրջաններու վրայ յարձակումները:
Յարձակումներուն կիզակէտը հիւսիսային եւ հարաւային սահմանագիծերն էին: Թշնամին կրեց որոշակի կորուստներ՝ 130 մահացած զինծառայող եւ մօտ 200 վիրաւոր».ըսաւ Յովհաննիսեան, աւելցնելով, որ հայկական ուժերը չէզոքացուցած են 29 հրասայլ եւ զրահապատ, 3 ծանր հրանետային համակարգ ( TOS-1), 11անօդաչու թռիչքային սարք եւ 1 Smerch:
Արծրուն Յովհաննիսեան քաղաքացիները յորդորեց հաւատք չընծայել եւ գերի չդառնալ ազերիական ապատեղեկութիւններուն: