ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան կը հերքէ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած այն տեղեկութիւնը՝ ըստ որուն հայկական զինուած ուժերուն կողմէ Ղազախի հատուածին հայ-ատրպէյճանական սահմանը անցնելու, յարձակողական ներթափանցումի փորձ մը կատարուած է:
«Միայն Ատրպէյճանցիներու պատկերացումով հայ յարձակողները ճերմակ թիւերով «Ուազ»ով յարձակումի կը դիմեն: Իսկ մեքենան ինչո՞ւ ետեւի կողմէն նկարուած է, կամ եթէ նկատած էին մեքենան, ուրեմն յարձակողները ո՞ւր էին», գրած է Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» (APA) լրատուական գործակալութիւնը հրապարակած է վնասուած «Ուազ»ի մասին տեսանիւթ մը, որուն մէջ ակնյայտօրէն կ՛երեւի, որ «Ուազ»ը ո՛չ թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան սեւ թուանիշով է, այլ ունի ճերմակ թուանիշ: