Նոր Տարուան առաջին օրերուն հայ գրականութիւնը ծանր կորուստ մը կրեց : Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, անողոք հիւանդութեան դէմ երկար պայքարէ ետք, կեանքէն հեռացաւ արձակագիր Լեւոն Խեչոյեանը: «Արթմետ» հիւանդանոցէն հաղորդեցին, թէ Խեչոյեան, բուժման համար Գեմանիայէն վերադառնալէ անմիջապէս ետք, փոխադրուած էր վերականգնողական բուժման բաժինը:
Լեւոն Խեչոյեան ծնած է 8 Դեկտեմբեր 1955-ին, Պարալէթ, Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանը: 1983-ին աւարտած է Կիւմրիի մանկավարժական ինստիտուտը: 1973-էն կ’ապրէր Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքը: Գրել սկսած է դպրոցական տարիներէն: 1991-ին լոյս տեսած է « Խնկի Ծառեր» խորագիրով անոր առաջին ժողովածուն: Լեւոն Խեչոյեան մասնակցած է Արցախի ազատագրութեան պատերազմին:
Խեչոյեանի պատմուածքները թարգմանուած են ռուսերէն, ուքրաներէն, անգլերէն, սպաներէն եւ գերմաներէն: 1999-ին՝ « Սեւ Գիրք, Ծանր Բզեզ» գիրքին համար արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական գրական «Ոսկէ Եղեգն» մրցանակին: Մասնակցած է արտասահմանեան գրական բազմաթիւ խորհդաժողովներու: 2000 թուականին, 103 գրողներու մասնակցութեամբ շրջած է եւրոպական 21 քաղաքներ եւ ներկայացուցած է «Պատերազմը եւ Գրականութիւնը» ուսումնասիրութիւնը: 2003-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է անոր «Հողի Դողը» պատմուածքներու ժողովածուն: 2004-ին, «Գրական Տապան» ՝ Եւրոպայի գրողները Հայաստանի մէջ ժողովածուին մէջ լոյս տեսած է «Եւրոպայի Երկաթէ Ճանապարհներին» անոր ուսումնասիրութիւնը: 2004-ին պարգեւատրուած է Միխայիլ Շոլոխովի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով յատուկ մրցանակով: 2005-ին արժանացած է Հրանդ Մաթեւոսեանի անուան մրցանակին:
2006-ի Մարտին լոյս տեսաւ անոր «Ձայներ եւ Տեսիլքներ» ընտրանին: 29 Սեպտեմբեր 2006-ին ստացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» գրական մրցանակը՝ « Յունիսի Հինգը եւ Վեցը» գիրքին համար: 2006-ին ստացաւ «Նարցիս» գրական- գեղարուեստական մշակութայի հանդէսի «Լաւագոյն Արձակ» մրցանակը:
2006-ի Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ « Contemporary Armenian Prose» անգլերէն ալմանախը, որուն մէջ լոյս տեսաւ « Հողի Դողը» պատմուածքը: 2008-ի Հոկտեմբերին, Լոնտոնի « Taderon Press » հրատարակչութիւնը անգլերէն լեզուով լոյս ընծայեց « Black Book, Weighy Bug » ( Սեւ Գիրք, Ծանր Բզեզ) վէպը: 2011-ի Ապրիլին լոյս տեսաւ անոր «Փուշը, Հայր, Փուշը» պատմուածքներու ժողովածուն: 2013-ին, Սամուէլ Մկրտչեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ անոր « Պատմուածքներու եւ Հարցազրոյցներու ժողովածուն: