«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը հիմնադրուած Է 18 դեկտեմբեր 1918-ին, երբ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային խորհուրդին որոշումով ստեղծուեցաւ նախադէպը չունեցող պետական լրատուական` Հայկական հեռագրական գործակալութիւնը:
Ներկայիս «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը գործէ իբրեւ փակ բաժնետիրական ընկերութիւն, որուն բաժնետոմսերը կը տնօրինէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Գործակալութիւնը ամէնէն հինն է Հայաստանի մէջ: Ներկայ դրութեամբ անիկա կը հրապարակէ տասնմէկ լրատուական բաժին` պաշտօնական, քաղաքական, տնտեսական, հասարակական, մարզային, շրջանային, միջազգային, մշակութային, մարզական, հարցազրոյցներ եւ լուսանկարչական նորութիւններ: