ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սկսած է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի աշխատանքային այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կը հաղորդէ անոր մամլոյ խօսնակը:
Գրիգորեան Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ օգնական ու ազգային ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ հարցերու աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի հետ:
Քարտուղարը կարեւոր համարեց Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը՝ Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ, իսկ Հիլ շեշտեց զանազան մակարդակներու վրայ հայ-ամերիկեան գործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, ներդրումներու եւ աջակցութեան կարելիութիւնները:
Կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական գործընթացներուն եւ ոստիկանութեան համակարգի բարեփոխումներուն ամերիկեան աջակցութիւնը:
Կողմերը դարձեալ ընգծեցին Արցախի հիմնահարցը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծելու կարեւորութիւնը: