Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ Ուրբաթ օր այցելեց մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ իր իսկ բարերարութեամբ կառուցուած սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ ներկայ գտնուեցաւ 1988ի երկրաշարժի զոհերու հոգեհանգիստի արարողութեան:
Հոգեհանգիստը կատարուեցաւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ:
Մինչ արարողութիւնը, խօսք առաւ Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի պատասխանատու Նաթան արք. Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով աղէտալի երկրաշարժին՝ մեր ժողովուրդին պատճառած ծանր կորուստներուն եւ մինչ այսօր տակաւին ամբողջութեամբ չյաղթահարուած հետեւանքներուն:
Հոգեհանգստեան կարգին ընթացքին, Մայր Աթոռի միաբանութիւնը՝ վեհափառին գլխաւորութեամբ նաեւ աղօթեց վերջերս զոհուած օդաչուներ՝ փոխգնդապետ Արմէն Բաբայեանի եւ աւագ սպայ Մովսէս Մանուկեանի եւ զինծառայող Հայկ Քարամեանի հոգիներուն խաղաղութեան համար: