Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Արմէն Սարգսեան Պիտի Գլխաւորէ ՄԱԿի Առեւտուրի Եւ Զարգացման Համաժողովի՝ Նշանաւոր Անձերու Խումբը

October 8, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Արմէն Սարգսեան Պիտի Գլխաւորէ ՄԱԿի Առեւտուրի Եւ Զարգացման Համաժողովի՝ Նշանաւոր Անձերու Խումբը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աշխատանքային այցելութեամբ Զուիցերիա գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ժընեւի ՄԱԿի կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿի Առեւտուրի եւ զարգացման համաժողովի՝ Նշանաւոր անձանց խումբի քննարկում-կլոր սեղանին (UNCTAD Panel of Eminent Persons):

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ Արմէն Սարգսեան ընտրուեցաւ նշեալ խումբի նախագահ:

Խումբը խորհրդատուութիւն կը տրամադրէ յաջորդ տասը տարիներուն առեւտուրի եւ զարգացումներու տեսլականի, առանցքային ու հրատապ տնտեսական զարգացման մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ, կ՛առաջարկէ անոնց յաղթահարման գաղափարներ եւ լուծումներ: Նշանաւոր անձերու խումբի մասնակիցները պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, հեղինակաւոր տնտեսագէտներ ու փորձագէտներ են։

Նախագահ Սարգսեանի մասնակցութեամբ կայացած «Հիմնական մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ» թեմայով հիմնական քննարկումը վարեց Նշանաւոր անձանց խումբի ընդհանուր քարտուղար Մուքիսա Քիթուին:

Քննարկումէն ետք Քիթուին ըսաւ, որ Նշանաւոր անձերու խումբը կոչուած է օգնելու՝ հասկնալու, թէ ուր կ՛ուղղուի աշխարհը, եւ ինչ բանի պէտք է աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել՝ հաշուի առնելով մարտահրաւէրները:

Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախկին Ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժան, որ նոյնպէս Նշանաւոր անձերու խումբի անդամ է, դիտել տուաւ, որ Հայաստան՝ որպէս խումբի մասնիկ տեսնելը շատ կարեւոր է, քանի որ հիանալի տպաւորութիւններ ունի Հայաստանի նկատմամբ։ «Կը կարծեմ, թէ ձեր երկիրը կարեւոր դերակատար է տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, օրինակ, ԹՈՒՄՕ կեդրոնը, որուն կրթական համակարգը կ՛արտածուի աշխարհի տարբեր երկիրներ:

Այն յատուկ ուշադրութիւնը, զոր Հայաստան կը դարձնէ կրթութեան, երիտասարդներուն կ՛աջակցի նոր արհեստագիտութեան կիրարկման մէջ, շատ նորարարական մօտեցում է, ինչ որ կարեւոր փաստ է այս երկրին համար։

Previous Post

Hong Kong Stock Exchange Pulls Bid For London Counterpart

Next Post

China’s Hikvision, Megvii Technology Strongly Oppose US Blacklisting

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.