«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ճատրակի տղամարդոց խումբի առաջատար Լեւոն Արոնեան դարձեալ ՖԻՏԷի (Ճատրակի միջազգային դաշնակցութիւն) 10 լաւագոյն ճատրակ խաղցողներու շարքին է:
ՖԻՏԷի դասակարգման նոր աղիւսակին մէջ Արոնեան դարձեալ լաւագոյն 10-ին մէջ է՝ գրաւելով 8-րդ կարգը: Նախորդ ամիս Արոնեան 14-րդն էր: Դասակարգման աղիւսակի առաջատարն է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսեն:
Հայաստանը ներկայացնողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան 46-րդն է, Հրանդ Մելքումեան՝ 87-րդը, իսկ Սերգէյ Մովսէսեան՝ 98-րդը: