ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- 28 Օգոստոսին աւարտեցաւ Սէյնթ Լուիսի մէջ կայացող ճատրակի 10 ամենազօրաւոր գերվարպետները մէկտեղող «Սինքուէֆիլտ» հեղինակաւոր մրցաշարքը, որուն վերջին՝ 9-րդ հանգրուանին, Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի թիւ 1 վարպետ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնեց ռուս Ալեքսանտր Կրիշչուքը, այս մրցաշարքին ընթացքին իր ապահոված կէտերուն գումարը հասցնելով 5.5ի եւ մնալով առաջատար դիրքին վրայ։
Հայաստանի ներկայացուցիչին կողքին, նոյնքան կէտ ապահոված են Ֆապիանու Քարուանա եւ աշխարհի ներկայ ախոյեան Մակնուս Քարլսեն, որուն հետեւանքով կազմակերպիչները որոշեցին երեքը միասնաբար բաժակակիր հռչակել։
Նշենք, որ այս մրցաշարքը մաս կը կազմէ եւ վերջինն էր տարուան ընթացքին տեղի ունեցող այն չորս մրցաշարքերուն, որոնց արդիւնքներով կ՛որոշուին «Grand Chess Tour» մրցաշարքին մասնակիցները։
Արոնեան այս մրցաշարքին արդիւնքներուն շնորհիւ, ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւած է 2րդ դիրքը (34 կէտ), միայն կէս կէտով ետ մնալով ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայէ (34.5), միաժամանակ ապահովելով Լոնտոնին մէջ 11- 17 Դեկտեմբերին տեղի ունենալիք աւարտական մրցաշարքին մասնակցելու տոմսը։ Երրորդ տեղը գրաւեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշյէ-Լակրաւ (31 կէտ), իսկ 4րդ եւ վերջին տոմսին համար պիտի պայքարին Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Քարուանա եւ Ուեսլի Սօ, որոնք 26 կէտ ապահովելով՝ գրաւած են 4-5րդ դիրքերը:
Արոնեան նաեւ 75,000 տոլարի նիւթական վարձատրութիւն ստացաւ Սէյնթ Լուիսի մրցաշարքի կազմակեպիչներէն։