ԵՐԵՒԱՆ.- Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան ճատրակի միջազգային դաշնակցութեան՝ ՖԻՏԷի նոր դասաւորման մէջ մնաց իր նոյն դիրքին վրայ՝ 6-րդ: Առաջին դիրքին վրայ կը մնայ նորվեկիացի աշխարհի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Հայաստանի ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գրաւէ 53-րդ դիրքը, Հրանդ Մելքումեան՝ 78-րդ, իսկ Կարէն Գրիգորեան՝ 96-րդ: