ՍԹԱՒԱՆԿԵՐ, Նորվեկիա.- Ճատրակի աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր մրցաշարքերէն մէկը համարուող Նորվեկիոյ միջազգային մրցաշարքի երրորդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեան յաղթանակ մը արձանագրեց ատրպէյճանցի մրցակից Շահրիար Մամետիարովի դէմ:
Ցարդ Արոնեան ապահոված է 4 կէտ եւ երրորդ տեղը կը գրաւէ։
Աշխարհի լաւագոյն ճատրակի 10 վարպետներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցող մրցաշարքը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Յունիս։
Ցարդ առաջատարն է աշխարհի ախոյեան Մակնուս Գարլսեն:
Չորրորդ հանգրուանին, Արոնեան պիտի մրցի ֆրանսացի վարպետ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի դէմ: