ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան կը շարունակէ յառաջատար մնալ Միացեալ Նահանգներու Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի «Սինքուեֆիլտ Քափ»ի («Կրանտ չես Թուր») արագ խաղի մրցաշարքին։
Արոնեան 6-րդ եւ 7-րդ փուլերուն խաղաց Չինաստանէն Տին Լիժէնի եւ Միացեալ Նահանգներէն Փերեզ Տոմինկեզի հետ, այնուհետեւ սեւերով յաղթեց աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընին։
Այժմ Արոնեան 12-էն ունի 10 միաւոր եւ առանձինն կը գլխաւորէ մրցաշարքին ցանկը։
Սենթ Լուիսի մրցաշարքին մասնակցողները պիտի մրցին կայծակնային խաղի մրցումին եւս: