ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Կիրակի, 9 Մայիսին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաւել քան յիսուն հայ մեծանուն նկարիչներու արուեստի բացառիկ գործերու բացօթեայ ցուցահանդէս-վաճառքը։
Մեր համայնքի պատմութեան մէջ նման տարողութեամբ եւ որակաւոր նկարիչներու մասնակցութեամբ ցուցահանդէս մը չենք ունեցած։
Արուեստագէտներու եւ կազմակերպիչ միութեան պատասխանատուներուն փափաքն է, որ այս վաճառքէն եկած հասոյթին մէկ մասը մը պիտի նուիրուի հայրենիքի զինուժի հզօրացման նպատակին։
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Լոս Անճելըսի մէջ երեք տարիէ ի վեր գործող Հայ-Ամերիկեան Արուեստի միութեան կողմէ, որուն արժանաւոր հիմնադիրը եւ նախագահն է՝ բազմաբեղուն արուեստի գործիչ, գրող եւ մտաւորական գիւմրեցի Ռուբէն Գասպարեան, որ ծանօթ է «Գուրպան» անունով։
Գուրպանին 27 տարիէ ի վեր ծանօթ ենք․ Հայաստանէն Լոս Անճելըս հասնելուն պէս, տակաւին տուն տեղ եւ գործ չգտած, կազմակերպելու սկսաւ մշակութային եւ արուեստի նուիրուած բարձր մակարդակի ձեռնարկներ եւ անմիջապէս արժանացաւ Լոս Անճելըսի հայութեան գնահատանքին։ Այդ գործերուն մէջ իր անփոխարինելի ներդրումը ունեցաւ իր տիկինը՝ Էլմիրա Գասպարեան, որ 17 տարի այս համայնքին մէջ պատկերասփիւռի «Ուրախ Գիւմրի» իր յայտագիրով մեծ խանդավառութիւն ստեղծած է։
Տէր եւ տիկ. Ռուբէն եւ Էլմիրա Գասպարեանները բառին իսկական իմաստով օրհնութիւն մը եղան մեր համայնքի մշակութային կեանքին մէջ։ Անոնց միջոցաւ բազմաթիւ հայրենի արուեստագէտներ հրաւիրուեցան Լոս Անճելըս՝ իրենց տաղանդներով խանդավառելու համար մեր համայնքը։ Հայաստանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մեծ թիւով մտաւորականներ հիւրընկալուեցան իրենց ջերմ ու սիրալիր ընտանիքին մօտ։
Հայ-Ամերիկեան արուեստի միութիւնը երեք տարիներու ընթացքին առաւել քան տասը մշակութային եւ արուեստի փառաշուք ձեռնարկներէ ետք, այս անգամ 9 Մայիսին նման արուեստի հրավառութիւն մը պիտի կազմակերպէ։ Միութիւնը ունի աւելի քան 200 արուեստագէտ անդամներ։
Սիրով կը հրաւիրուի մեր ժողովուրդը իր հայ եւ ոչ-հայ ծանօթներով եւ ընկերներով՝ ներկայ ըլլալու այս շքեղ ցուցահանդէսին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ, վայելելու համար արուեստագէտներու բարձրորակ նկարները։
Մուտքը ազատ է։