ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայ իրականութիւնը գիտակցաբար կամ՝ ոչ, տեղի ու անտեղի առաջնայնութիւններ ստեղծած է ազգային կեանքի բեմահարթակին վրայ: Ոմանք արտաքին գործօններու հետեւանք, ուրիշներ՝ ներքին: Դիւրին է միայն արտաքին գործօններու վրայ բեռցնել մեր ազգային առօրեային մէջ բոյն դրած խոցելի երեւոյթներուն պատասխանատուութիւնը: Սակայն որքան ալ փորձենք շրջապատը համոզել, ինքնախաբէութիւնը չի կրնար յարատեւել: Առաւելագոյնը՝ պիտի ըլլայ ժամանակաւոր:
Մեր ձախաւերութիւնը ծածկող կարկտան լուծումները, հիւանդութենէ տառապող անհատի մը շիջումը ժամանակաւորապէս ուշացնելու մխիթարանք մըն է պարզապէս:
Շատ յաճախ ճշմարտութիւնը կը զոհենք, յանուն՝ հաճոյակատարութեան…: Տեսակէտ յայտնելու փոխարէն, յանկարծ կը դառնանք փափկանկատ:
Քիչ չեն նաեւ այն անհատները, որոնք ի սկզբանէ «Ինծի Ինչ»ի դիտանկիւնէն կը մօտենան հարցերուն: Ջայլամի նման գլուխնիս կը պահենք հողին տակ, առաւելագոյնը՝ կեղծ համեստութիւն մը ձեւանալու բաւարարութեամբ: Ինքնաքննադատութիւնը խորթ է մեր իրականութեան: Ընդհակառակը, անախորժութիւն կը պատճառէ ոմանց: Ազգային նկարագիրի դրսեւորու՞մ է արդեօք այս իրականութիւնը, թէ՞ պատեհապաշտութիւն…: Կը տատամսիմ:
Սակայն ի վերջոյ, ժողովուրդին վստահութիւնը վայելելու կոչուած կազմակերպութիւն, կառոյց կամ իշխանութիւն նուազագոյն պատասխանատուութեան պարտաւորութիւն մը ունի հաւաքականութեան առջեւ:
Միեւնոյն մօտեցումը եւ հոգեբանութիւնը կը նշմարենք նորանկախ Հայաստանի մէջ: Նորանկախ մեր հանրապետութիւնը ունեցաւ չորս ազգընտիր նախագահ, տասնեակէ աւելի վարչապետներ: Գունաւոր խոստումներ լսեցինք բոլորէն: Արդար ըլլալու համար, զանոնք իրագործելու տրամադրութիւն ալ շօշափած ենք ոմանց պարագային: Այսուհանդերձ, պետականութիւն կերտելու գաղափարախօսութիւնը մեր ժողովուրդին բարոյահոգեբանական հասկացողութեան մէջ խորթ կը մնայ տակաւին, որովհետեւ անկախութեան առաջին իսկ օրէն, անձներու հայեցողութեան յանձնուեցաւ պետականութեան բանալին: Որքան ալ ժողովրդավար հասարակութիւն ներկայացնենք մենք մեզ, այսօրուան ազատ եւ անկախ Հայաստանը նոյնպէս կը տառապի անհատի պաշտամունքի հիւանդագին երեւոյթէն: Անհատներու «ես»-երն են օրուան տէրերը: Մեր պետականութիւնը դարձած է անհատներու անուան հետ շաղախուած «իզմ»երու խորհրդանիշ: Իրաւապահ, օրէնսդիր, գործադիր մարմիններ հլու հնազանդ կառոյցներ են անոնց ձեռքին տակ:
Ու՞ր մնացին իրաւական կառոյցներու վրայ յենած պետականութեան գունաւոր խոստումները: Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ընկերային, տնտեսական հարցերուն վերաբերեալ ունինք մեր սեփական տեսակէտները՝ Անոնք կրնան խորթլ կամ՝ անյարիր թուիլ շատերուն: Մեր մտահոգութիւնը կ’երթայ շատ աւելի հեռու…՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, տիրող լաբիւրինթոսին հետեւանքներուն:
Մանուածապատ եւ առեղծուածային արտայայտութիւններ չեն այս տողերը: Խօսքը կը վերաբերի աղէտի չափանիշներու հասած երեւոյթի մը: Համազգային ողբերգութիւն մը, որ ներքնապէս կը հիւծէ ու կը տագնապեցնէ մեզ՝ արտագաղթը…: Հայաստանը լքելու եւ արտերկիր մեկնելու հայ անհատին որոշումը սարսռալու աստիճան կը շանթահարէ մեզ: Մարդուժի, ուղեղներու արտահոսքը ցաւալի իրականութեան պերճախօս ապացոյցներէն մէկն է տակաւին: Որքան ալ փորձենք ծածկել, որքան ալ փորձենք նրբացուցիչ պատճառներ փնտռել, անտարբեր ձեւանալ, չենք կրնար մենք զմեզ խօլ ականջ ձեւացնել գոռացող ճշմարտութեան առջեւ: Նախանձախնդիր իւրաքանչիւր հայու պարտականութիւնն է հարց բարձրացնել եւ դարմաններ փնտռել: Հայը ինչո՞ւ պիտի լքէ հայրենիքը, այնպիսի յաճախականութեամբ, որ Ալիեւի նման հրէշ մը հայաթափումի վրայ դնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը: Հաւաքական պատասխանատուութիւն մը կայ այստեղ, որուն համար անհրաժեշտ է համազգային մօտեցում: Որքան ալ ծածկենք վիճակագրական տուեալները, ճչացող իրողութիւն մը կայ այնտեղ: Անգամ մը եւս կը կրկնենք. Պետականութիւն, Եկեղեցի, քաղաքական եւ հասարակական կազամերպութիւններ՝ հաւաքական պատասխանատուութեան եւ մեղսակցութեան մեծ բաժին ունինք այս աղիտալի կացութեան առջեւ:
Քանի մը ամիս մը առաջ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան տառացիօրէն յայտարարեց, թէ արտագաղթը այն սպառնալիքներէն, որ բացասաբար կ’ազդէ մեր հայրենիքին անվտանգութեան վրայ: Վերջերս հրապարակուած վիճակագրութիւն մը կը նշէր, թէ յունուարէն մինչեւ ապրիլ 2019-ը երկարող ժամանակամիջոցին, 12.800 քաղաքացիներ Հայաստանէն մեկնած են Ռուսիա, մինչդեռ 2018-ին, այդ ցուցանիշը եղած էր 4900…: Միեւնոյն տեղեկագիրը կը նշէ, թէ 1 յունիս 2019-ի դրութեամբ, 49 հազար քաղաքացիներ մեկնած են Ռուսաստան: Ահաւոր թիւերու մասին կը խօսի այլ վիճակագրութիւն մը՝ անկախութեան 29տարիներուն, 25 առ հարիւր նուազած է Հայաստանի հանրապետութեան բնակչութիւնը: Ընթերցողը անմիջապէս պիտի հարցնէր. ու՞ր մնացին արտագաղթը նուազեցնելու եւ ներգաղթը ապահովելու գունաւոր խոստումները…: Ըսեմ նաեւ, թէ առեղծուածի նման, յաճախ զիրար հակասող վիճակագրական տուեալներ լոյս կը տեսնեն հայրենի մամուլի կառավարական շրջանակներէն, տնտեսական աճի, գործազրկութեան, բնակչութեան թիւին, Հայաստան այցելողներու եւ մեկնողներու, զբօսաշրջութեան մասին….
Ժամանակն է, որ համազգային սեղանի վրայ քննարկենք արտագաղթը, անոր պատճառները եւ հաւաքաբար որոնենք լուծումները: Արտագաղթը լուռ բայց հիւծող ցաւ է: Սպառած է խօսելու ժամանակը: Հրեաները օտարին հայրենիքը բռնագրաւելով հանդերձ, մինչեւ օրս «Դէպի հայրենիք» կարգախօսի տակ միջազգային համաժողովներ եւ ազգահաւաք կը կազմակերպեն: Մեր արդար իրաւունքն է մնայուն ահազանգել յոյժ մտահոգիչ այս կացութեան առջեւ եւ հրատապ լուծում պահանջել: