Արտակարգ իրավիճակներու մարմին-ԿԱՄՔ-ի ծառայողական ընդհանուր աշխատանքներուն ծիրին մէջ, Արագած շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեան ջանքերով ապահովուեցաւ Միացեալ Նահանգներէն տիկին Ժենի Եդդեմի աջակցութիւնը` հիմնականին մէջ Արագածի բնակչութեան կարիքներուն:
Տիկին Եդդեմ ակումբի երիտասարդներուն հետ միատեղ կարիքաւոր ընտանիքներուն բաշխեց 250 միլիոն լիբ. ոսկի, ինչպէս նաեւ շրջանի երեխաներուն համար կոմիտէութեան տրամադրութեան տակ դրաւ 200 չափաբաժին կաթ եւ վիթամին դեղորայք: Որոշ քանակութեամբ դեղորայք տրամադրուեցաւ նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակին:
ԿԱՄՔ-ի անունով մեր շնորհակալութիւնը` տիկին Ժենի Եդդեմի օրինակելի այս նախաձեռնութեան համար:
ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԻՐԱՎԻՃԱԿՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄԻՆ-ԿԱՄՔ