ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեան ձերբակալուեցաւ: Տեղեկութիւնը հաստատեցին Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէէն: Տակաւին յստակ չէ, թէ քրէական ի՛նչ գործի ծիրին մէջ կատարուեցաւ ձերբակալութիւնը:
Կոմիտէէն նշեցին, որ յառաջիկային այս մասին մամլոյ հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակեն։
Աւելի կանուխ, Փտածութեան դէմ պայքարի կոմիտէէն յայտնած էին, որ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մէջ կը կատարուին քննչական գործողութիւններ։
Անդրանիկ Փիլոյեան արտակարգ իրավիճակներու նախարար է 7 Յուլիս 2020էն․ անոր տրուած է «Ազգային հերոս» բարձրագոյն կոչումը: