ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 9 Դեկտեմբերին նշանակուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու քարոզարշաւը պիտի տեւէ կարճ ժամանակ՝ 12 օր, Նոյեմբեր 26էն 7 Դեկտեմբեր:
Նշենք, որ անցեալ տարի տեղի ունեցած հերթական ընտրութիւններու քարոզարշաւին համար տրամադրուած էր 27 օր:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՀ) Ուրբաթ, 2 Նոյեմբերին հաստատեց ընտրութիւններու ժամանակացոյցը:
«Ոչ միայն քարոզարշաւն, այլեւ բազմաթիւ այլ գործառոյթներ մենք իրականացնելու ենք աւելի կարճ ժամկէտներում», յայտարարեց ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան:
Արդէն Ուրբաթ օրուընէ մեկնարկած է կուսակցութիւններու եւ դաշինքներու առաջադրումը:
Վերջնաժամկէտը 14 Նոյեմբերն է: