Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՈՒԽՏԵՑԻՆ ՍԱՏԱՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԱՐՑԱԽԻՆ

March 8, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
ԱՐՑԱԽԵԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ՈՒԽՏԵՑԻՆ ՍԱՏԱՐ ԿԱՆԳՆԻԼ ԱՐՑԱԽԻՆ

ԲԱԶՄԱԹԻՒ  ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ  ՇԱՐՔԻՆ

 Արցախեան ազատագրական պայքարի նախաձեռնութիւններու շրջագիծին մէջ, կազմակերպութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական-ուսումնասիրական խմբակին, վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն, մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Տեսիլ Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Արցախի յաղթանակը կերտուած է հերոսներու արեան կաթիլներով, եւ որուն իրագործման մէջ լիբանանահայերը անմաս չեն մնացած եւ բերած են իրնեց նուիրական մասնակցութիւնը: Քէշիշեան ըսաւ, որ հայ աշակերտները պէտք է լաւապէս ճանչնան Արցախին պատմութիւնը եւ հարցերը ու դառնան Արցախի արթուն պահակները:

Ապա Կասիա Էճիտեան (կիթառ), Լորի Մոմճեան (կիթառ) եւ Նարեկ Չերչեան (սրինգ) նուագեցին արցախեան երգեր: Օրուան դասախօսն էր «Ազդակ» օրաթերթի աշխատակից օրդ. Արշօ Պալեան, որ ներկայացուց Արցախեան ազատագրական պայքարի պատմութիւնը, քաջարի հերոսներու նուիրական աշխատանքն ու զոհաբերութիւնը: Օրդ. Պալեան մաղթեց, որ հայ աշակերտները ապագային այցելեն Արցախ եւ տեսնեն այդ հողին կառչած մնալու ժողովուրդին կամքը եւ զօրութիւնը: Ան ըսաւ, որ երիտասարդութիւնը պէտք է սատարէ Արցախի վերաբնակեցման եւ անոր բարգաւաճման աշխատանքին, մերժելով հողային զիջումներ կատարելու քաղաքականութիւնը, որովհետեւ արեան գնով ազատագրուած հողերը «նուէր» չեն  տրուիր:

Աւարտին, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ արցախահայութիւնը վերանորոգեց հայութեան մօտ յաղթանակի կամքն ու ոգին: Մեսրոպեանի տնօրէնը նշեց, որ Արցախի հերոսները իրենց քաջութեամբ եւ խիզախութեամբ կերտեցին հայ ժողովուրդի պատմութեան նորագոյն յաղթանակը: Պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ Արցախի օրակարգը հայ աշակերտին համար պէտք է դառնայ հետաքրքրութեան առանցք եւ ամէնօրեայ օրակարգ:

Յայտնենք, որ արցախեան նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ արտասանութեան, երգի եւ պատի թերթի մրցումներ, ինչպէս նաեւ բազմատեսակ ձեռային աշխատանքներ, որոնք ստեղծեցին խանդավառութիւն եւ բարձրօրէն արժեւորեցին նահատակներուն նուիրական ոգին:

ՀԱՅ  ԿԱԹՈՂԻԿԷ  ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ  ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ  ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ – ԶՕՐԱՎԱՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿ

Next Post

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Կալա Ելոյթը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.