ԵՐԵՒԱՆ.- Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ տպագրուած արցախեան երրորդ պատերազմին նահատակուած հերոսներու ստեղծագործութիւններու ժողովածուին` «Հնչող Ձայներ» գիրքին, շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 19 Օգոստոսին, Տաւուշի մարզին մէջ:
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ սրբազանին առաջարկով, ձեռնարկը տեղի ունեցաւ առաջնորդարանին մէջ: Հաւաքուածները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին մեր բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Այնուհետեւ, սրբազանին օրհնութեամբ շարունակուեցաւ յուշ-ցերեկոյթը:
Օրուան բոլոր բանախօսները` սփիւռքահայ մտաւորական, ազգային -հասարակական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, գանատահայ բանաստեղծ Յարութիւն Պէրպէրեան, բանաստեղծ Խաչիկ Մանուկեան եւ «Դրօշակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Արտաշէս Շահբազեան իրենց խօսքերուն մէջ փոխանցեցին հերոսներուն կարեւորագոյն պատգամը` շարունակել պայքարը մինչեւ վերջնական յաղթանակ, մինչեւ ամբողջական հայրենիքի կերտում:
Ձեռնարկը եզրափակեց Բագրատ սրբազանը` ներկաները եւ ամբողջ հայութիւնը յորդորելով՝ հաւատալու գալիք յաղթանակներուն:
Ձեռնարկին մասնակցողներուն իրենց կատարումներով ներկայացան թեմի երգչախումբի երգիչները եւ ասմունքողները: Իսկ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր, քանոնահար Մարիաննա Գրիգորեան իր կատարումները նուիրեց հերոս տղոց յիշատակին: