ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) քրէական գործեր յարուցեց Հայաստան-Արցախ կազատարը պայթեցնելու եւ Արցախի կազամատակարարման դադրեցման դէպքերուն առիթով: Այս մասին տեղեկացուց Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:
«Աոյն թուականի Մարտի 8ին, ժամը 23:15ի սահմաններում Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածում պայթեցուել է Հայաստանի Հանրապետութիւնից Արցախ մատակարարուող գազի մայր գազատարը: Նկարագրուած դէպքի կապակցութեամբ ԱՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից յարուցուել էր քրէական գործ ԱՀ քրէական օրէնսգրքի 317րդ յօդուածով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով (դիվերսիա-ներթափանցում), որը նախաքննութեան կատարման համար ուղարկուել է ԱՀ քննչական կոմիտէ:
Սոյն թուականի Մարտի 22ին ԱՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն է ստացուել «Արցախգազ» ընկերութեան տնօրէնի՝ ԱՀ գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած յանցագործութեան մասին հաղորդումը, որի համաձայն Մարտի 21ին Հայաստանից Արցախ մատակարարուող գազի ընթացքը խափանուել էր Շուշիի շրջանի՝ Ադրբեջանի զինուած ուժերի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածում, գազամատակարարման խափանուած լինելը եւ գազատարում ճնշման առկայութիւնը վկայում է, որ գազատարի այդ հատուածում տեղադրուել է փական: Նկարագրուած դէպքի առթիւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնում նոյնպէս յարուցուել է քրէական գործ, իրականացւում է հետաքննութիւն», կ՛ըսուի ԱԱԾի հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի տեղեկատուական շտաբը հաղորդեց, որ կազամատակարարման վերականգնման ուղղութեամբ, Արցախի նախագահին հրամանագիրով, ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին աջակցութեամբ ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին, իսկ զանոնք վարելու լիազօրութիւնը վերապահուած է Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանին:
«Արցախի կառավարութիւնը հետամուտ է մարդասիրական այդ կարեւորագոյն խնդիրն օր առաջ լուծելուն, եւ ձեռնարկւում են բոլոր հնարաւոր միջոցները նաեւ դիւանագիտական հարթակում, որոնք հրապարակայնացման ենթակայ չեն», նշեց Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ յորդորելով հանրային եւ քաղաքական գործիչները պահպանել զսպուածութիւն, զերծ մնալ ձեռնածութիւններէն ու յայտարարութիւններէն:
Իր կարգին, Մոսկուա կոչ ուղղեց՝ շուտափոյթ կերպով կարգաւորելու Արցախի մէջ կազամատակարարման հարցը: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա, որ դիտել տուաւ, թէ կապի մէջ են երկու կողմերուն հետ: «Համապատասխան աշխատանքներ կը տանին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, պաշտպանութեան նախարարութեան, ուժանիւթի նախարարութեան հետ՝ «Գազպրոմ»ի գծով: Կարելի չէ սրել առանց այն ալ ծանր մարդասիրական իրավիճակը, հասարակ մարդիկ պէտք չէ տուժեն», նշեց Զախարովա: