Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լոյս ընծայեց յայտարարութիւն մը, ուր դիտել կը տրուի ազեր-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը սրելու, շրջանը ապակայունացնելու Թուրքիոյ ստուերային դերակատարութիւնը:
Յայտարարութիւնը կը բացառէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան:
« Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը լիովին կը տեղաւորուի քաղաքակիրթ աշխարհին եւ առաջին հերթին այն երկիրներու քաղաքական եւ մարդասիրական պարտաւորութիւններու մէջ, որոնք ճանչցած եւ դատապարտած են 1915-1923 Հայոց ցեղասպանութիւնը». կ’եզրակացնէ յայտարարութիւնը: