Ուրբաթ 6 Մարտ 2020 երեկոյեան, Կիպրոս կղզին երկուքի բաժնող՝ Նիկոսիոյ ,Կանաչ Գիծեի վրայ գտնուող՝ Shoe Factory հանդիսարահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ-ընդունելութիւն, կազմակերպուած Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ, որու ընթացքին յայտարարուեցաւ Արցախի Բարեկամներու Շրջանակը, բաղկացած յոյն-կիպրացի քաղաքական կուսակցապետերէ եւ երեսփոխաններէ, ինչպէս նաեւ՝ աքատեմիկոսներէ եւ լրագրողներէ։
Ձեռնարկին յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխ-Նախարար Արմինէ Ալեքսանեան, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։ Ներկայ էին տեղական յոյն-կիպրական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, Կաթողիկոսական Փոխանորդ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ՝ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն։
Ներկաներուն իր խօսքը ուղղելով, Կիպրոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գազանճեան բացատրեց Արցախի Բարեկամներու Շրջանակի կազմութեան դրդապատճառները եւ ապա՝ յայտարարեց խմբակի անդամներուն անունները։ Խօսք առին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Փոխ-Նախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենակի նախագահ Գասպար Կարապետեան։ Յայտագիրը կը պարունակէր գեղարուեստական բաժին, ուր ժողովրդային երգերով ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ երգչուհի Զարա Բարխութարեան։ Յաջորդեց ընդունելութիւն։