ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Իրանեան դատարան մը արձակեց վճիռ մը 12 ատրպէյճանցի գործիչներու հարցով, որ կը վերաբերի անցեալ տարուան 28 Սեպտեմբերին, Իրանի Արտեպիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցին, որ կազմակերպուած էր՝ իբրեւ զօրակցութիւն Արցախի դէմ Ատրպէյճանի բանակին շղթայազերծած գործողութիւններուն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իրանեան աղբիւրներու՝ կը հաղորդեն, որ անոնք դատապարտուած են 15 տարուան բանտարկութեան` «իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներուն չենթարկուելու, անկարգութիւններ հրահրելու եւ անկարգութիւններ իրականացնելու» յանցանքներով:
Բացի այդ, դատավճիռով անոնք դատապարտուեցան մտրակի 74 հարուածներու` «հասարակական կարգի կոպիտ խախտման» յանցանքով: