ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 11 Մարտին, Ստեփանակերտի «Եւրոպա» պանդոկի դահլիճին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ «Արցախի երիտասարդութեան կարողականութեան եւ հմտութիւնների զարգացման դասընթացներ» ծրագիրին: Դասընթացքները կը կազմակերպէ եւ կը կատարէ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը` ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան հետ համատեղ: Ծրագիրը 18-35 տարեկան երիտասարդներուն համար է:
Դասընթացքները կը ներառեն հետեւեալ նիւթերը՝ «Նորարարական գիւղատնտեսութիւն», «Հիւրընկալութիւն», «Գործարար կառավարում», «Սնունդ եւ ըմպելիքներ», «Թուայնացում», «Գործարարական լեզուի օգտագործում», «Կանաչ ուժանիւթի ծառայութիւններ», «Հրապարակախօսութիւն», «Բջիջային յաւելուածներու մշակում»:
Դասընթացքները պիտի ներկայացնեն նշեալ ոլորտներուն մէջ յաջողութիւններ արձանագրած մասնագէտներ:
Դասընթացքը յաջողութեամբ աւարտածները պիտի ստանան հաստատագիրներ, եւ ներկայացուած ծրագիրներուն մէկ մասը պիտի ֆինանսաւորուի:
Ծրագիրի բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Սերգէյ Շահուերդեան, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան անդամնե եւ, դասընթացքներուն մասնակցողներ: