ԼԵՀԱՍՏԱՆ
Գրեց՝ Դոկտ. Արա Սայեղ- ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ
Կայծակնային արագութեամբ լուրը տարածուեցաւ համացանցի ընկերային ցանցերուն մէջ, Լեհաստանի ամբողջ տարածքին լեհահայ միութիւններ, հայութեամբ հետաքրքրուող լեհ միութիւններու կայքէջեր, ցանցերու շրջանակներ շատ արագ տեղադրեցին հայանպաստ, 7 Հոկտեմբեր 2019-ին Լեհաստանի առաջին պետական ալիքին TVP1 օրուան յայտագրին վրայ «Պատերազմի եւ երազներու երկիր», «Kraj wojny i marzeń» շարժանկարի հանրային անդրանիկ ցուցադրութեան տեղեկութիւնը: Անհամբեր կը սպասէի դիտելու այս վաւերագրական շարժանկարը, որ նուիրուած է Արցախին ու Արցախահայութեան գոյապայքարին։ Լաւատեսութեամբ բայց զգուշաւոր մտահոգութեամբ կը մտածէի շարժանկարի արտադրութեան 2018 թուականէն մինչեւ 2019 Հոկտեմբեր 7-ի անդրանիկ ցուցադրութեան այս երկար տեւողութեան պատճառին մասին, նկատի ունենալով՝ որ լեհական պետական շարժանկարի արտադրութիւն է, թէ՛ իր լեհուհի բեմադիրով, թէ՛ գեղարուեստական` նկարահանումով, երաժշտական եւ արհեստագիտական բոլոր կարելիութիւններով, ուստի ինչն էր որ կը խանգարէր կամ արգելք կը հանդիսանար, որ Լեհաստանի հանրութեան ներկայացուի Արցախահայութեան նուիրուած լեհական առաջին շարժանկարը, որուն իրագործումին իր օժանդակութիւնը բերած է Հայաստանի հեռատեսիլի հանրային ընկերութիւնը եւ Հայաստանի թէ Լեհաստանի մէջ ապրող նուիրեալ հայորդիներ ալ ունեցած են իրենց բարոյական ներդրումը։
Լեհերէն ու մէկժամեայ «Պատերազմի եւ երազներու երկիր» շարժանկարի բեմագիրն ու բեմադիրն է Լեհուհի՝ Եատվիկա Նովաքովսքա, երաժշտութեան հեղինակն է՝ Միխաու Լօրէնց։ TVP1 ժապաւէնը կը նկարագրէ սապէս.- «Շարժանկարը կը պատմէ Լեռնային Ղարաբաղի, բացառիկ վայրի մը, երկրի մը մասին, որ պաշտօնապէս չէ ճանչցուած միջազգային ընտանիքէն եւ արդէն տարիներէ ի վեր Հայաստանի եւ Ազէրպայճանի միջեւ ընթացող պատերազմը հրադադարի վիճակի մէջ է: Շարժանկարը կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հայ համայնքը, որուն անդադար կ՚ուղեկցի պատերազմի ստուերը։ Մէկ կողմէն մարդիկ խաղաղութեան կը ձգտին, իսկ միւս կողմէ վիթխարի հայրենասիրութիւն կը ցուցաբերեն, եւ վտանգի պահուն մեծեր եւ փոքրեր զէնքը ձեռքերնին կը պայքարին: Այս մէկը բախումն է հնագոյն քրիստոնէական երկրին՝ Հայաստանի եւ իսլամական Ազէրպայճանի միջեւ»։ Կարելի է շարժանկարը նկարագրել ըսելով նաեւ, որ կը ներկայացնէ հայրենիք մը, որ Հայաստանն է՝ Արցախը իր իրաւատէր հայ ժողովուրդով, ուր Հայեր կ՚ապրին ցեղասպանութեան ու ազէրական բռնագրաւման սպառնալիքի զգացողութեամբ, իրենց դէմ շղթայազերծուած ազէրական վայրագութիւններու, սպանդներու հետեւանքով։ Ջարդեր, զորս Թուրքերը գործած են հարիւր տարի առաջ ու այսօր կը շարունակուին Ազէրպայճանի կողմէ մշտական հակամարտութեամբ։ Հոն ներկայ է սպանդներու սարսափը, որ յարատեւօրէն կը թեւածէ իբրեւ ազդանշան հայութեան բնաջնջումի ու նոր չարիքներու, անակնկալ յարձակումներու, պարտադրուած պատերազմի մը ահ ու սարսափով։ Այս շարժանկարին մէջ Արցախահայութիւնը ներկայացուած է իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարի պատրաստակամութիւն ունեցող ու անբեկանելի կամքով ժողովուրդ մը։ Վաւերագրական այս շարժանկարը հեռու է քաղաքական վերլուծումներէ կամ պատմական քննարկումներէ։ Անոր հայ դերակատարներուն՝ բնիկ Արցախահայերու վկայութիւններուն եւ երկխօսութեան ընդմէջէն կը ծանօթանանք անոր առօրեային, գոյավիճակին, ազգային աւանդութիւններուն, ընտանեկան պինդ կապերուն, հայրենիքի սիրոյ հանդէպ անխախտ համոզումներուն, հայեացքներուն, պատերազմներու դժուարութիւններուն ու թշնամիին վայրագութիւններուն դիմակայող, ազատութեան համար պայքարի եւ լուսափայլ ապագայի ակնկալիքներով ու լաւատեսութեամբ լեցուն Արցախցիի նկարագրին: Հոն ուշագրաւ շեշտադրումը կայ հայ ժողովուրդի առաջին քրիստոնեայ ազգ ըլլալու ու իսլամ Ազէրպայճանցիի իրողութեան, յատկանշական է նաեւ Արցախահայութեան կեանքի հաւաքական նկարագիրը, էական են ընտանեկան աւանդութիւններու կարեւորութիւնը, ընկերային հարազատ կապերը, խաղաղասէր ու աշխատասէր Արցախահայութեան հիւրասիրութիւնը ու բարի կամքը։ Շարժանկարը կ’օգնէ եւրոպացի ու մա՛նաւանդ լեհ հանդիսատեսին՝ հասկնալու հայ-ազէրպայճանական հակամարտութեան բարդութիւնները, դերակատարներու արտայայտութիւններուն շնորհիւ՝ սպառիչ լուսաբանութիւններ, տեսակէտեր ու մօտեցումներ կը հայթայթէ Արցախահայութեան մարդկային, կենցաղային իրավիճակին, հայ ինքնութեան, հողային կնճռոտ հիմնահարցի էական պատճառներուն, այնպէս ինչպէս կ՚ընկալէ Արցախահայութիւնը: Այս ճշմարտութիւնները բեմադիրը կը ներկայացնէ իբրեւ ստոյգ ապացոյցներ, անժխտելի դրոյթներ, անվիճելի փաստարկումներ որպէս պատասխան եւրոպացի հանդիսատեսին ակնկալիքներուն ու հարցադրումներուն, որոնք յստակօրէն կ՚արտացոլան շարժանկարին ընդմէջէն։
Ե. Նովաքովսքա իմաստուն ճկունութեամբ մը օգտագործած է Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին անմարդկային խոշտանգումները, Արցախահայութեան կրած տառապանքներուն փորձառութիւնները, հարազատօրէն արտացոլելու համար ազէրպայճանական վայրագութիւնները, դաւադիր ու վայրագ նկարագիրը, Արցախահայութեան սպառնացող վտանգին ահաւորութիւնը։ Բեմադիրը ողջամտօրէն օգտագործած է Արցախի պատմական վայրերու, ճարտարապետական յուշարձաններու, կառոյցներու ու մա՛նաւանդ եկեղեցիներու դարաւոր ճարտարապետութիւնը ու Արցախցիին քրիստոնէական հաւատքի անհերքելի դրոյթները, որոնք անկասկածելի վաւերական փաստարկներ են այդ հողին իրաւատէրի հայկական պատկանելիութեան եւ սեփական ճակատագիրը տնօրինելու անվիճելի իրաւունքին. շարժանկարին մէջ քանիցս շեշտուած է, որ Արցախահայութեան քրիստոնէական մշակոյթի ժառանգութիւնները չեն կրնար պատկանիլ մահմետական Ազէրպայճանցիին։
Արցախի նուիրուած այս շարժանկարին նկարահանումը բացառիկ է իր լուսանկարչական յատկութիւններով։ «Պատերազմի եւ երազներու երկիր»-ի նկարահանումը իրագործուած է Օգոստոս 2017-էն Դեկտեմբեր 2018, այլ խօսքով՝ Արցախի պտղատու եւ բերքառատ ամռան ու ոսկի աշնան բնատուր գեղեցկութիւնը ներկայացուած է իր դրախտային բնութեամբ ու հրաշակերտ հարազատութեամբ։ Շարժանկարի ներշնչող պարունակէն անդին կարելի է զայն համարել Արցախը ծանօթացնող ճանաչողական յատուկ ուղեցոյց մը։
Եկէք միասնաբար ծանօթանանք շնորհաշատ Եատվիկա Նովաքովսքային։ Ան լրագրող եւ վաւերագրական շարժանկարներու բեմագիր ու բեմադիր է։ Աւարտած է Լեհաստանի Քրաքով քաղաքի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը 1981-ին, իսկ լրագրութեան բաժանմունքը՝ 1984-ին։ Պատմաբանի ու լրագրողի բարձր կրթութեամբ, 1989-էն սկսեալ կ՚աշխատի Լեհաստանի պետական հեռատեսիլի առաջին ալիքին՝ TVP1-ի մէջ, երեսուն երկար տարիներու փորձառութեան շնորհիւ անցած է լրագրութեան ոլորտի մասնագիտական անհրաժեշտ հմտութիւններու բոլոր մակարդակները, նուաճած է վաւերագրական բաժնի ղեկավարի ու տեղակալի պաշտօնները: Ե. Նովաքովսքա աւելի քան 100 վաւերագրական շարժանկարներու եւ վաւերագրական ֆիլմաշարերու բեմադիր է, իր շարժանկարներէն կարելի է յիշել «Լեհական տոհմեր»-ը, նուիրուած՝ լեհական ազնուականութեան, «Տարբեր աստուածներու երախաներ», նուիրուած՝ շարք մը ազգային, կրօնական փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութեան, ինչպէս՝ «Լեհերը Սիպերիոյ մէջ», «Ապստամբութեան յիշողութիւն» եւ կամ «Ստորգետնեայ քաղաք» նուիրուած՝ Վարշաւայի ապստամբութեան, «Երկու ժողովուրդներու զգեստապահարան» նուիրուած՝ լեհ-լիթուանական յարաբերութիւններու եւ այլն:
Տաղանդաւոր բեմադիր՝ Ե. Նովաքովսքա Արցախի ու Արցախահայութեան նուիրուած իր «Պատերազմի եւ երազներու երկիր» շարժանկարին կողքին՝ ունի հայանպաստ ուշագրաւ ներդրումներ մանաւանդ իր ամուսնոյն հետ Հայաստանի մէջ կեցութեան շրջանին՝ 2015 Դեկտեմբերէն մինչեւ 2017 Յուլիս, երբ ամուսինը՝ Մարէք Նավաքովսքի Հայաստան ուղարկուած էր Լեհաստանի Հանրապետութեան դեսպանի առաքելութեամբ։ Այս ժամանակահատուածին բեմադիր Ե. Նովաքովսքա իր բեմագրութեամբ լոյս ընծայած է 12 հատուածներով «Հայաստանը լեհական աչքերով» ֆիլմաշարը որպէս հասանելի տեղեկատու TVP Info-ի։ Լեհերէն լեզուով ճանաչողական այս ֆիլմաշարը ուղեցոյց մըն է, որ իրագործուած է Երեւանի մէջ Լեհաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շնորհիւ ու կը նպատակադրէ լեհ հասարակութեան ծանօթացնել Հայաստանի ամենահետաքրքրական վայրերը, որոնց մասին կ՚արժէ տեղեկանալ ու այցելել։
Ե. Նովաքովսքան բեմադիրն է նաեւ «Մոռցուած Հայը» վաւերագրական ֆիլմին, որ նկարահանուած է Հայաստանի մէջ ու ցուցադրուած է Հայաստանի «Նարեկացի» արուեստի միութեան կողմէ 2017 Յունիսին։ Այս ֆիլմը նուիրուած է հանրածանօթ լեհահայ գեղանկարիչ Թեոդոր Աքսենտովիչի (1859-1938) կեանքին ու գործունէութեան։ Թ. Աքսենտովիչ ճանչցուած է իր «Հայաստանի մկրտութիւն»-ը (1900 թ.) եւ «Հայերը Լեհաստանի մէջ» (1930 թ.) կտաւներով, Լվովի դարաւոր հայկական եկեղեցւոյ նուիրուած իր խճանկարներով, զանազան դիմանկարներով եւ այլն: Լեհահայերու հետ Ե. Նովաքովսքայի յարաբերութիւնները սկսած են անցեալ դարու 90-ական թուականներուն, երբ իբրեւ բեմադիր իրագործած է 26 հատուածներէ բաղկացած «Ակնյայտ, ոչ-ակնյայտ» ֆիլմաշարը, որ նուիրուած է Լեհաստանի ազգային, կրօնական փոքրամասնութիւններու մշակութային ժառանգութեան։ Հոն Լեհահայութիւնը ներկայացուած է իր դարաւոր մշակոյթով եւ պատմական ժառանգութեամբ ու նուաճումներով: Ան բեմադիրն է նաեւ «Հայկական տօներ» կարճ շարժանկարին, ուր ներկայացուցած է Լեհաստանի Կտանսք քաղաքին մէջ եւ շրջակայքը ապրող լեհահայ համայնքը։
Պարտք է նշել որ շարժանկարի՝ Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային 16-րդ փառատօնին (2019 Յուլիս 7-14)՝ Լեհաստանը ներկայացուած է «Պատերազմի եւ երազներու երկիր» շարժանկարով, որ ցուցադրուած է Երեւանի «Մասկուա» շարժանկարի սրահին մէջ Ե. Նովաքովսքայի ներկայութեամբ։ Ցուցադրութենէն ետք՝ բեմադիրը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանին բացատրութիւններ տուած է շարժանկարին մասին։
Իսկ Լեհաստանի մէջ, սոյն շարժանկարի հանրային անդրանիկ ցուցադրութենէն ետք, 2019 Հոկտեմբեր 26-ին տեղի ունեցաւ անոր փակ ցուցադրութիւնը Վարշաւայի «Գուլթուրա» շարժանկարի սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Վարշաւայի «Լեհ-հայկական հիմնադրամ»-ին եւ հովանաւորութեամբ՝ Լեհաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ լեհական պետական հեռատեսիլի ընկերութեան «TVP Kultura» ալիքի ներկայացուցիչներու պատուոյ ներկայութեամբ։
Մինչ շարժանկարին ցուցադրութիւնը՝ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Ե. Նովաքովսքային եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղած է շարժանկարի ստեղծագործական կազմին՝ կատարուած գեղարուեստական հսկայական աշխատանքին համար։ Դեսպանը նշած է, որ շարժանկարին տիտղոսը կրնար ըլլալ նաեւ՝ «Պատերազմի, երազաներու եւ ազատութեան երկիր», քանի որ Արցախի ժողովուրդը ի սկզբանէ պայքարած է իր անկախութեան, սեփական ճակատագիրը ինք տնօրինելու համար։ Դեսպանը կարեւոր համարած է Արցախի ժողովուրդի մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւնը՝ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ, անընդունելի համարած է Արցախի մասին անկախ եւ անաչառ տեղեկատւութեան եւ տարածման արգելք հանդիսանալու Ազէրպայճանի իշխանութիւններու շարունակական փորձերը։ Շարժանկարի ցուցադրութեան ներկայ եղած են բեմադիր Նովաքովսքա, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ուքրաինայի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Լեհահայոց նորանշանակ հոգեւոր հովիւ Տ. Տարօն վրդ. Ղուլիկեան<span style=”font-f