ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Սիվիլնեթ».- Արցախի խորհրդարանը Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբերին հաստատեց 2018-ի պետական պիւտճէն: Պիւտճէի եկամուտները կը կազմեն 96,43 միլիառ դրամ, ծախսերը՝ 101,6 միլիառ դրամ, բացը՝ 55, միլիառ դրամ: Հայաստանէն ստացուող միջպետական վարկը 51 միլիառ դրամ է կամ պիտճէի շուրջ 56 տոկոսը:
Պիւտճէի նախագիծին դէմ քուէարկած են «Վերածնունդ» եւ «Շարժում–88» խմբակցութիւնները, իսկ «Ժողովրդավարութիւն», «Դաշնակցութիւն» եւ «Հայրենիք» խմբակցութիւնները կողմ քուէարկած են: