ՊԱՔՈՒ, «Թուրան».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարով 12 Յուլիսին ընդունեց Պաքու գտնուող Եւրոպայի խորհուրդի մարդկային իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյաթովիչի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:
Երկկողմանի յարաբերութեանց վերաբերող կարգ մը հարցերու կողքին, քննուեցաւ նաեւ Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու նպատակով շարունակուող բանակցային գործընթացը։
Մամետիարով տեղեկութիւններ փոխանցեց հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման համար ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ կատարուած նորագոյն հանդիպումներուն մասին՝ ընդգծելով, որ Պաքուի դիրքորոշումը անփոփոխ է, կենսական համարելով «(մեր) բռնագրաւեալ տարածքներէն Հայաստանի զինուած ուժերուն հեռացումը եւ ատրպէյճանցի գաղթականներուն՝ իրենց հայրենի հողերը վերադարձը»: