ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիօթր Սուիթալսքի, անդրադառնալով Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ռիչըրտ Միլզի կողմէ Արցախի հակամարտութեան մասին անցեալ շաբաթ կատարուած յայտարարութեան՝ 30 Հոկտեմբերին ըսաւ, որ հակամարտութեան կողմերուն ոչ ոք կրնայ որեւէ բան պարտադրել:
Ըստ դեսպանին՝ հակամարտութեան հարցով Եւրոմիութիւնը ունի յստակ մօտեցում՝ անիկա կ՛աջակցի ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահողներու ջանքերուն:
«Եւրոմիութեան համար ակնյայտ է, որ հակամարտութեան լուծումը պէտք է գտնուի նոյնինքն կողմերուն միջեւ քննարկումներով: Մինսկի խմբակի համանախագահները միջնորդներ են, բայց ոչ ոք կրնայ պարտադրել որեւէ բան կողմերուն, որովհետեւ այդ մէկը իրենք պէտք է կարենան մշակել», աւելցուց դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ Միլզ յայտարարած էր, որ Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը պահանջէ «գրաւեալ որոշ տարածքներու վերադարձ»: