ՊԱՔՈՒ, Armenia.Az.- Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ տեղադրուած լրատուութեան մը, ԵԱՀԿի մօտ Ամերիկայի ներկայացուցիչ Ճէյմզ Կիլմոր յայտարարած է, թէ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի դիւանագիտական միջոցներով:
«ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը կը փորձէ գտնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծումը: Ես հանդիպած եմ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի դեսպաններուն հետ, որոնք անջատաբար ներկայացուցած են հակամարտութեան մասին իրենց տեսակէտները», աւելցուցած է ան:
Կիլմոր նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն դիրքորոշման մէջ շատ յստակ է, որ հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չի կրնար ունենալ:
«Պէտք է ըլլլայ հակամարտութեան դիւանագիտական լուծում: Մինսկի խումբի Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահներուն հետ հանդիպումներ ունեցած եմ եւ հաւանաբար դարձեալ հանդիպինք: Բայց մինչեւ այն ատեն, որ անոնք կը շարունակեն դիւանագիտական բանակցութիւններ վարել, մենք հոն (Արցախի մէջ) առնուազն չենք տեսներ կացութեան յաւելեալ սրում: Այդ պատճառով, մեզի համար կենսական է պահպանել կայուն իրավիճակը եւ ապահովել կողմերուն միջեւ բանակցութիւններու շարունակութիւնը, որպէսզի կարենանք գտնել դիւանագիտական եւ ոչ թէ ռազմական լուծում», եզրակացուցած է ան: