Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, մինչեւ մարտի դաշտ մեկնիլը, գիշերը հանդիպած է յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներու հետ:
«Մեր տղաներուն յաղթել չ՛ըլլար: Ասիկա զուտ զգացական արձանագրութիւն չէ: Պատուով պիտի պաշտպանենք մեր միացեալ Հայրենիքը»,-նշեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներու ծառայողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, թէ այսօր կը վճռուի մեր ապագան, այս երկրին մէջ ապրելու հայ ժողովուրդին իրաւունքը:
«Մենք հարիւրամեակներու ամենաճակատագրական ժամանակը կ՛ապրինք: Հայրենիք ունենալու եւ չունենալու օրհասական ժամանակը կ՛ապրինք: Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է ոչ միայն Արցախի, Հայաստանի, այլեւ հայ ազգի ապագան: Կ՛ուզեմ բոլորդ կատարէք ձեր ծառայութիւնը եւ շարունակէք ապրիլ այս Հայրենիքին մէջ իբրեւ արժանի զաւակներ: Համոզուած եղէք, պիտի յաղթենք: Մենք աւելի դժուար ժամանակ ունեցած ենք 90-ականներուն: Այն ժամանակ յաջողեցանք, այսօր եւս պիտի յաջողինք: Այսօր ազատ երկրին մէջ մեր երեխաներու ապրելու իրաւունքը կ՛որոշուի: Մենք ունինք առաքելութիւն մեր ազգին եւ սերունդներուն առջեւ». շեշտեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Ան նաեւ յայտնեց, թէ աւելի վաղ հանդիպած է եզիտի եղբայրներու հետ, անոնք նոյնպէս առաջնագիծ մեկնած են` պահպանելու հայրենի հողը: Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց,թէ միջազգային հանրութիւնը համախմբուած է` գիտակցելով այն մեծ չարիքը, որ ծնունդ առած է տարածաշրջանին մէջ: