Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան հրաւէրով` այս շաբաթավերջին Լիբանան կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Շուշիի «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը` հանրութեան դիմաց հանդէս գալու տիկնիկային երկու ներկայացումներով` «Հայ մուկը» եւ «Ձիւնամարդը»: Թատրոնի կազմակերպիչն է Լիլիթ Մկրտչեան, իսկ տնօրէնը` Աշխէն Յարութիւնեան:
«Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը հիմնուած է 2008 թուականին: Մինչեւ այդ թուականը Շուշիի մէջ գոյութիւն ունէին 3 թատրոններ` տիկնիկային, մանկապատանեկան եւ տրամաթիքական: 2008 թուականին պետութեան որոշումով այդ երեքին միացումով ստեղծուած է «Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը, որ բաւական ծանր աշխատանք կը տանի եւ կը գործէ երեք ուղղութեամբ` տիկնիկային, մանկապատանեկան եւ տրամաթիքական:
«Մկրտիչ Խանդամիրեան»-ի անուան պետական թատրոնը քայլ կը պահէ ժամանակին հետ եւ միշտ կը ներկայացնէ երեխաները հետաքրքրող եւ իրենց հետ առնչուող դաստիարակիչ նիւթեր:
Արդարեւ, երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ պետական թատրոնը հանրութեան դիմաց հանդէս եկաւ «Հայ մուկը» տիկնիկային ներկայացումով` բեմադրութեամբ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան Լիոնիտ Յարութիւնեանի: Ներկայացման տեւողութիւնը 45 վայրկեան էր եւ պատրաստուած էր վեց տարեկան եւ վեր պատանիներու համար: Սոյն ներկայացման պատգամը այն էր, որ չափը կամ փոքր ըլլալը բան չեն նշանակեր: Եթէ անձ մը կ՛ուզէ պայքարիլ, ապրիլ եւ իր մէջ գոյութիւն ունի ապրելու ուժը` չափը նշանակութիւն չունի, կարեւորը ներքին կամքի ուժն է:
Պէտք է նշել, որ աննախընթաց ներկայացում մըն էր, որովհետեւ երկար ժամանակէ ի վեր Լիբանանի մէջ դադրած էին նման տիկնիկային ելոյթներ: Երեւոյթ մը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ ներկայ գտնուող մանուկներուն եւ պատանիներուն մօտ, որոնք ուշագրաւ կը հետեւէին տիկնիկային կատարումներուն:
«Հայ մուկը» տիկնիկային թատրոնը պիտի ներկայացուի նաեւ այսօր` շաբաթ, 15 դեկտեմբերին, երկու ելոյթներով, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, իսկ կիրակի, 16 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դարձեալ նոյն վայրին մէջ պիտի ներկայացուի «Ձիւնամարդը» տիկնիկային թատրոնը, որ Նոր տարուան նուիրուած դրական ներկայացում է` պատրաստուած երկու տարեկան եւ վեր փոքրիկներուն համար: