ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտարարեց, որ Արցախի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի Մինսկի խմբակի ծիրին մէջ:
Ֆրանսա իր այցելութեանն ընթացքին, «Ֆիկարօ» (Le Figaro) թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ, թէ Ամերիկա եւ Ֆրանսա համակարծիք են, որ Թուրքիոյ վերջին գործողութիւնները շատ յարձակողապաշտ էին, վկայակոչելով վերջերս Արցախի հակամարտութեան մէջ Թուրքիոյ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ եւ Միջերկրական ծովուն մէջ ռազմական գործողութիւնները:
«Եւրոպա եւ Ամերիկա պէտք է միասնաբար համոզեն Էրտողանը, որ այսպիսի գործողութիւններ չեն բխիր իր ժողովուրդի շահերէն», աւելցուց ան։