ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- Մոսկուա կը կարծէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ վերջերս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները չեն մնար թուղթի վրայ, 17 Ապրիլին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն 15 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպման իբրեւ արդիւնք, զգալով այն մթնոլորտը, որուն մէջ այժմ կ՛ընթանայ աշխատանքը, ես հիմքեր ունիմ ենթադրելու, որ թէ՛ Պաքու եւ թէ Երեւան շահագրգռուած են, որ այս անգամ այդ համաձայնութիւնները չմնան թուղթի վրայ», ըսաւ Լաւրով՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա պիտի նպաստէ այդ ջանքերուն:
«Մարդասիրական միջոցառումներուն գծով, անոնք նոյնպէս յստակ շարադրուած են յայտարարութեան մէջ: Անոնք կ՛ենթադրեն կողմերուն համաձայնութիւնը՝ շարունակելու լրացուցիչ ջանքերը յանուն իրավիճակի կայունացման, յատկապէս գիւղատնտեսական աշխատանքներու շրջանին, ինչպէս նաեւ պայմանաւորուածութիւնները՝ նպաստելու գերութեան մէջ պահուողներուն հարազատներու այցելութիւնները կազմակերպելու գործին: Բացի այդ, անիկա կը նշանակէ քաղաքացիներու, ներառեալ՝ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու միջեւ շփումներու հաւանականութիւնը: Կը կարծեմ, որ եղածը շատ օգտակար համաձայնութիւն է», աւելցուց Լաւրով: