ԵՐԵՒԱՆ.- Խորհրդարանը 6 Օգոստոսին մերժեց Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր ՝ «Պատիւ Ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւններուն կողմէ առաջարկուած Արցախի հարցերով մնայուն յանձնաժողով կազմելու նախագիծը, որուն թեր քուէարկեցին 33, դէմ 0 պատգամաւորներ, իսկ ձեռնպահ քուէարկեցին 68 պատգամաւորներ:
«Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Խաչատրեան այս յանձնաժողովին գծով արտայայտուելով՝ ըսաւ. «Եթէ մենք ընդունում ենք, որ այսօր Հայաստանի հիմքը Արցախն է, Արցախն է եղել այս հանրապետութեան անկախութեան կերտման անկիւնաքարը, եթէ մենք ընդունում ենք, որ Արցախն այսօր ապրում է իր պատմութեան ամենածանր օրերը եւ եթէ ընդունում ենք, որ խորհրդարանն ունի այս երկրում անելիք, ինչո՞ւ չենք ընդունում, որ պէտք է այս խորհրդարանն ունենայ Արցախի հարցերի առանձին յանձնաժողով»։ Ան աւելցուց, որ այդ յանձնաժողովին մէջ կարելի է քննարկել բազմաթիւ հարցեր, օրինակ` Արցախին տրամադրուող աջակցութեան օրէնքով կարգաւորումը, արգիլելը` օրինակ, Արցախ բառը օգտագործել առանց Հանրապետութիւն բառը օգտագործելու:
Հայաստանի Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան իրենց նախաձեռնած Արցախի հարցերով յանձնաժողովի կազմութիւնը նկատեց ուղերձ՝ միջազգային ամբողջ հանրութեան, որ Հայաստանը Արցախէն ձեռքերը չէ լուացած, Արցախի մէջ ապրող ժողովուրդը չէ մոռցած։
«44օրեայ աղէտալի պատերազմից յետոյ Արցախում եւ Հայաստանում ստեղծուած օրհասական իրավիճակը պարզապէս թելադրում է մեզ ունենալ երկրորդ հայկական պետութեան խնդիրներով զբաղուող, մշտապէս գործող խորհրդարանական միաւոր: Արցախի հետ կապուած հարցերը` այդ թւում բանակցային, կտրուկ աւելացել են: Այդ հարցերն ընդգրկում են անվտանգային եւ արտաքին քաղաքական բաղադրիչները, բայց նաեւ ներառում են հոգեւոր, մշակութային, ընկերային, կրթական եւ բազում այլ հարցեր: Նման յանձնաժողովի ստեղծումը, սակայն, միայն բովանդակային գործառութային նպատակայարմարութեան հարց չէ, սա նաեւ յստակ քաղաքական ուղերձ է` իր ապագայով մտահոգ արցախահայութեանը, սրտացաւ աշխարհասփիւռ հայրենակիցներին, Ադրբեջանին ու Թուրքիային, միջազգային հանրութեանը», շեշտեց Վանեցեան:
Ան դիտել տուաւ, որ յանձնաժողովի կազմութիւնը ուղերձ է, որ Հայաստան չէ մոռցած Արցախը եւ հոն ապրող ժողովուրդը, ձեռքերը չէ լուացած Արցախէն, չէ հրաժարած եւ չի պատրաստուիր հրաժարիլ Արցախի հարցերով զբաղելէ:
«Հայաստան» խմբակցութենէն Արթուր Ղազինեան, անդրադառնալով իշխանական պատգամաւորներուն այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ 30 տարի Արցախի հարցերով յանձնաժողով չէ կազմուած` յիշեցուց Արցախի պատերազմին մասին: «Ամէն ինչ կը տայի, որ չլինէր Արցախեան պատերազմը, չզոհուէին մեր տղաները եւ չկորցնէինք Արցախի մեծ մասը, ունենայինք գործուն, կայուն արդիւնաւէտ գործող անվտանգային համակարգ», ըսաւ ան։ Ղազինեան պնդեց, որ պէտք է կազմուի Արցախի հարցով մնայուն յանձնաժողով մը, զոր պէտք է ղեկավարէ ընդդիմութիւնը: Այդ յանձնաժողովը, ըստ անոր, պէտք է դառնայ համազգային ուղեղային կեդրոն՝ Արցախի վերաբերեալ մշակուող պետական եւ հանրային քաղաքականութեան համար, պէտք է դառնայ տեղեկատուութեան, միտքի, ծրագիրներու եւ գաղափարներու շտեմարան, որմէ պէտք է օգտուին նաեւ միւս մնայուն յանձնաժողովները: