ՊԱՔՈՒ, «Թասս»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ պիտի ըլլայ Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտէն ետք ստեղծուած կացութեան ճիշդ գնահատումէն:
«Ատրպէյճանը վերականգնած է միջազգային իրաւունքը եւ գործնականին մէջ շրջանին եւ աշխարհի մէջ նոր իրողութիւններ ստեղծուած են: Կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման կարելիութիւններուն օգտագործումը մեծ մասամբ կախեալ պիտի ըլլայ շրջանի երկիրներուն, մեծ պետութիւններու կողմէ այդ իրողութիւններու ճիշդ գնահատումէն», ըսաւ Ալիեւ: