ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը այսուհետեւ պիտի գլխաւորէ զօր. Ալեքսանր Վոլքովը:
Հրամանատարին փոխարինումը կը կատարուի ծրագրուած փոփոխութիւններու ծիրին մէջ․ գործերու ստանձնման-փոխանցման ընթացակարգը արդէն սկսած է:
Նշենք, որ զօր. Վոլքով Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահ զօրախումբի փոխհրամանատար էր Նոյեմբեր 2020էն մինչեւ Մայիս 2021, երբ խաղաղապահները կը ղեկավարէր զօր. Ռուստամ Մուրատով:
Ներկայիս, Անտրէյ Վոլքով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Հարաւային ռազմական շրջանի շողարձակ, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութեան զօրքերու ղեկավարն է:
Յիշեցնենք, որ Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարի պաշտօնը նախորդ տարուան Սեպտեմբերէն կը վարէր զօր. Կենատի Անաշքին: