Քիչ առաջ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հանդիպում մը ունեցաւ հայ կամաւորներու հետ: Արցախի նախագահը հաւաստեց, թէ զինուած ուժերը ամուր դիրքերու վրայ կը գտնուին, իսկ պատասխանը պիտի ըլլայ համաչափ: « Սա կենաց մահու կռիւ է, որ կ’ընդունինք համայն ազգով եւ համայն ազգով պիտի տանինք յաղթանակ». յայտարարեց Յարութիւնեան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց ռազմական ուղաթիռի, ինչպէս նաեւ այլ կորուստներ:
Միւս կոմէ, Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ազերիական յարձակումին հետեւանքով զոհուած են խաղաղ բնակիչներ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները Անգարայի հետ ծրագրաւորուած են նախապէս: