Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ, այսօր՝ չորեքշաբթի, 2 դեկտեմբերին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ 27 սեպտեմբերին սանձազերծուած պատերազմին հետեւանքով կորսուած եւ գերեւարուած զինուորներու հարազատներուն հետ:
Նախագահը իրազեկեց վերջին օրերու ընթացքին որոնողական աշխատանքներուն ընթացքը, Արցախի մէջ տեղեկայուած ռուսական խաղաղապահ ուժերու զօրակազմի եւ միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչներուն հետ այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցող աշխատանքները:
Յարութիւնեան նաեւ լսեց ներկաներուն առաջարկները:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հայաստանի հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ Վաղարշակ Յարութիւնեանը եւ Միքայէլ Արզումանեանը, Արցախի արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան տնօրէն Կարէն Սարգսեանը եւ Արցախի հանրապետուեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը: