ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 14 Հոկտեմբերին հրաւիրեց աշխատանքային ընդլայնուած խորհրդակցութեան, որուն ընթացքին ներկայացուեցան 2020ի պատերազմէն տուժած բնակչութեան կորուստներու, կարիքներու, ընկալումներու եւ դիմակայութեան վերականգնման ու զարգացման կարելիութիւններուն վերաբերեալ լայնածաւալ հետազօտութեան արդիւնքները, որ կատարուած է Արցախի աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականներու հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի ընկերային աշխատողներու միութեան կողմէ՝ «Աննա Աստուածատուրեան» հիմնադրամի եւ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան աջակցութեամբ:
Ուսումնասիրուեցան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ գտնուող 20 հազար 297 արցախցի ընտանիքներու առաջնային կարիքները եւ կորուստները, մարդուժնը եւ այլ ներուժները, ապագայի ծրագիրները եւ մտադրութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրային բազմաբնոյթ ծառայութիւններէ օգտուելու մատչելիութիւնը:
«Ծանօթանալով հետազօտութեան արդիւնքներին՝ նախագահ Յարութիւնեանը նշել է դրանց կարեւորութիւնը պետական ծրագրերի յստակեցման եւ հասցէականութեան բարձրացման առումով: Երկրի ղեկավարը, մասնաւորապէս, նշել է, որ որոշումներ կայացնելիս պէտք է հաշուի առնուեն նաեւ ներկայացուած տուեալները, որոնք ծրագրերն առաւել արդիւնաւէտ կը դարձնեն», կը՛ըսուի ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը յանձնարարեց նաեւ գիւղական համայնքներուն մէջ ապաստանած տեղահանուած ընտանիքներուն հետ աշխատանքներու սկսիլ՝ նորանշանակ ընկերային ծառայողներուն հետ պարզելու համար տնտեսական աշխուժացման վերաբերող անոնց փափաքները, կարիքները եւ հնարաւորութիւնները, եւ, ըստ այդմ, 2022ի պետական պիւտճէին մէջ նախատեսել համապատասխան ծրագիրներ եւ միջոցներ: