Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բագօ Սահակեան, 19 Փետրուարին, ներկայ գտնուեցաւ Գանձասարի Մատենադարանին մէջ Արցախի գրողներու միութեան եւ Ստեփանակերտի Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի կողմէ կազմակերպուած Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ նախագահը կարեւոր համարած է հայ ժողովուրդի մեծերու յիշատակի յաւերժացումը՝ գոհունակութեամբ նշելով, որ նման ձեռնարկներու իրականացումը դարձած է գրական կեանքի անբաժան մասը: