Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան քիչ առաջ տարածեց հաղորդագրութիւն մը.
Սիրելի Հայրենակիցներ,
Պատերազմական գործողութիւնները հանրապետութեան ամբողջ ճակատով կը շարունակուին: Պաշտպանութեան բանակը եւ աշխարհազօրը ամուր կեցած են հայրենի հողին վրայ եւ թշնամիին դէմ մեր պայքարը պիտի վարենք մինչեւ վերջ:
Մեր համախմբուած պայքարը կրնայ փոխել իրավիճակը, մենք կրնանք թշնամին դուրս շպրտել մեր Արցախէն, քանի որ պատերազմի ելքը կ’որոշէ ժողովուրդի ամուր կամքը: Հայ ժողովուրդը թերեւս կրնայ դրսեւորել այդ կամքն ու վճռականութիւնը:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է ամուր կենայ իր դիրքերուն վրայ եւ դրական արդիւնքը երաշխաւորուած կ’ըլլայ:
Ես կը հաւատամ: